News

ՀՅԴ «Աղբալեան» Պ Միութեան կազմակերպած «Վարդավառ»ը

Շաբաթ 15 Յուլիս 2017-ին ՀՅԴ «Աղբալեան» Պատանեկան Միութիւնը մեծ խանդավառութեամբ նշեց «Վարդավառի» տօնը։

«Ա.Ջամալեան» Պատանեկան Միութեան եռօրեայ բանակում

Յուլիս 7 2017էն Յուլիս 9 2017 երկարող 3 օրերու ընթացքին Թրիփոլիի «Արշակ Ջամալեան» Պատանեկան Միութեան պատանիները մասնակցեցան եռօրեայ բանակումի մը Քաֆթուն շրջանէն ներս:
Բանակումը առիթ հանդիսացաւ պատանիներուն որպէսզի ձեռք բերեն նոր գիտելիքներ, մօտէն ծանօթանան բանակումի կեանքին եւ օրէնքներուն:
3 օրուան ընթացքին պատանիները աշխոյժ ձեւով հետեւեցան իրենց համար պատրաստուած օրակարգին:
Անոնց ներկայացուեցան դասախօսութիւններ հայապահպանման եւ բանակումի կանոններու մասին: Ցուցադրուեցաւ նաեւ Լիզպոնի 5 տղոց նուիրուած տեսերիզ մը:
Խաղերու, մարզանքներու, արշաւներու եւ երեկոյեան խարոյկի ճամբով, պատանիներու խանդավառութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին:
Բանակումի աւարտին, պատանիները հեռացան բանակավայրէն իրենց հետ տանելով լաւ յիշատակներ եւ անգամ մը եւս ամրապնդեցին իրենց մէջ հայապահպանման ոգին:

«Ընկերային Հմտութիւններ» նիւթով դասախօսութիւն

Շաբաթ, 8 Յուլիս 2017֊ին Հ.Յ.Դ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններէն 60 պատանիներ «Աբօ Աշճեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ ներկայ գտնուեցան «Ընկերային Հմտութիւններ» (social skills) նիւթով դասախօսութիւն֊զրոյցի մը։
Դասախօսը` Ընկհ. Լուիզա Պապոյեան հաճելի ու հաղորդական ոճով փոխանցեց նիւթը, իսկ պատանիները մեծ խանդավառութեամբ մասնակցեցան ու կարծիքներ փոխանակեցին։

Մայիսեան Յաղթանակներուն Նուիրուած Երգահանդէս

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին, հինգշաբթի, 1 յունիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ մայիսեան յաղթանակներուն նուիրուած երգահանդէս` կատարողութեամբ հայրենի արուեստագէտներ Մկրտիչ Մկրտիչեանի (Մակիչ) եւ Արսէն Գրիգորեանի (Մրրօ):

Մարզական Օր

Կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու Ընդհանուր Վարիչ Մարմինին, 30 Ապրիլ 2017-ին կայացաւ Մարզական Օր Այնճարի մէջ, մասնակցութեամբ Լիբանանի տարբեր պատանեկան միութիւններէն 187 պատանիներու։

Ազգային- Հայրենասիրական Երգերու Երեկոյ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին, չորեքշաբթի, 26 ապրիլ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ապրիլեան ուղիով ազգային երգերու երեկոյ կատարողութեամբ արցախցիներ` «Էքս Ֆեքթըր»-ի մրցումի աւարտական փուլին հասած Եուրի Ադամեանի եւ Նարեկ Վահանեանի:

«Վազրիկ» Յունիս 2016

ARF BADANI բջիջային ծրագիր

appposter