News

ԼՊՄ ԲԱՆԱԿՈՒՄ 2016

ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին կազմակերպած «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 25-ամեակ» պատանիներու բանակումը, կրտսեր պատանեկան շարքերով սկսած երեքշաբթի, 9 օգոստոսին, ապա շարունակուեցաւ 14-21 օգոստոսին, այս անգամ երէց պատանիներուն համար` Այնճարի մէջ

Հ.Յ.Դ. Լ.Պ.Մ. կ՚այցելեն Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Պատանեկան Միութիւնները կ՚այցելեն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոսին ու Ժիպէյլի «Արամ Պեզիկեան» թանգարանը
Կիրակի, 17 Ապրիլ 2016-ին, Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններէն 190 պատանիներ այցելեցին Անթիլիասի Մայրավանք։ Իրենց հաղորդութիւնը ստանալէն ետք, անոնք Անթիլիասի վեհարանի դահլիճին մէջ այցելեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսին։

Հ.Յ.Դ. Լ.Պ.Մ. կ՚այցելեն Մլիթա

Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Պատանեկան Միութիւնները կ՚այցելեն Մլիթա
Կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու Ընդհանուր Վարիչ Մարմինին, Կիրակի 3 Ապրիլ 2016-ին, աւելի քան 205 պատանիներ, իրենց պատասխանատուներուն հետ ուղղուեցան դէպի Լիբանանի հարաւային շրջան։ Մլիթայի մէջ, անոնք այցելեցին զբօսաշրջութեան կեդրոն՝ Մլիթայի զինուարական թանգարանը, ուր յատուկ առաջնորդներու ընկերակցութեամբ, անոնք ծանօթացան թանգարանի տարբեր մասերուն, լսելով ու տեսնելով համապատասխան բացատրողական տեղեկութիւնները։
Թանգարան այցելութենէն ետք, անոնք միասնաբար ճաշեցին շրջանին մէջ գտնուող ճաշանանին մէջ ու երեկոյեան վերադարձան Պէյրութ։

Հ.Յ.Դ. Լ.Պ.Միութիւններու ամանորի ձեռնարկներ 2016

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս ՀՅԴ Լիբանանի պատանիները միասնաբար դիմաւորեցին Նոր տարին` ընկերային հաճելի եւ ճոխ մթնոլորտը սփռելով պատանեկան միութիւններուն, ընկերներուն եւ ընտանիքներուն մօտ: Պատանեկան միութիւններուն Ամանորի առանձին-առանձին կազմակերպած խրախճանքներուն զուգահեռ, ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինի ընկերային յանձնախումբին կազմակերպած ընդհանուր խրախճանքներն ու տօնական առիթներու միջոցառումները կը համախմբեն պատանեկան տարբեր միութիւնները` առիթ հանդիսանալով պատանիներուն վերստին հանդիպելու, բաժնեկցելու տօնական մաղթանքներն ու բոցավառելու միութենական աշխատանքներու ոգին:

136 պատանիներու խոստման արարողութիւն 27 Նոյ.2015

Հ.Յ.Դ. Լիբանանի պատանեկան միութիւներու Ընդհանուր Վարիչ Մարմինըկրկնելով տարիներու աւանդութիւն դարձած «Պատանիի Օր»ուան հանդիսութիւնը, այս տարի, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի խորհուրդով եւ հաւատալով հայ դպրոցի եւ պատանեկան միութիւններու իրար ամբողջացնող սերնդակերտ դաստիարակիչ առաքելութեան, «Վերանորոգե՛նք հայ պատանիին կոչումը» խորագրով հանդէս եկաւ նաեւ հայ դպրոցներու աշակերտութեան։

Հ.Յ.Դ. Լ.Պ.Մ. Լիբանան Բանակում 2015

Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու տարեկան զոյգ բանակումները
«Դար մը բռունցքով դէպի Ամբողջական Հատուցում»
Այս տարի, ինչպէս ամէն տարի, Հ.Յ.Դ. Լ.Պ.Մ. Ընդհանուր Վարիչ Մարմինը կազմակերպեց տարեկան բանակում, կրտսեր եւ երէց պատանեկան միութիւնններուն համար, Այնճառի բանակավայրէն ներս։

«Վազրիկ» Յունիս 2016

ARF BADANI բջիջային ծրագիր

appposter