Դաշնակցական Պատանիի Խոստման Արարողութիւն

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան քայլերգէն ետք, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, պատանեկան միութիւններուն, ծնողներու եւ  բազմութեան ներկայութեամբ, բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Մարօ Մարգարեան: Ապա, Ընդհանուր վարիչ մարմինի խօսքը փոխանցեց Շանթ Յարութիւնեան, որ վեր առաւ դաշնակցական պատանիին դերը` հաստատելով, որ պատանին դաշնակցական ակումբին ու պատանեկան միութեան մէջ տեսաւ հայակերտումի ու Հայ դատի նուիրեալ ըլլալու միջոցը: «Այս համախմբումին մէջ է, որ պատանիները կը սորվին ու պիտի սորվին կարգապահութիւնը, ազգային արժէքները,  յեղափոխական մեր պատմութիւնը ու նաեւ ներկայի մարտահրաւէրները: Պատանիները մեր ընկերներն են, որ պիտի կազմեն դաշնակցական ապագայ սերունդները եւ պիտի յանձն առնեն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գործը», ըսաւ ան`  կոչ ուղղելով բոլոր ծնողներուն, որ իրենց զաւակները անդամագրեն պատանեկան միութիւններուն եւ զանոնք մասնակից դարձնեն  այս գործունէութեան: Անդրադառնալով Պանք Օթոմանի գործողութեան դաստիարակիչ արժէքին, Յարութիւնեան ըսաւ, որ 14 օգոստոս 1896-ին կատարուած այս գործողութիւնը  իր քաղաքական ու յեղափոխական նշանակութեան կողքին կարգապահական ու գաղտնապահութեան կենդանի օրինակներ կը փոխանցէ մեր պատանիներուն: «Դաշնակցական յեղափոխական գործը վախկոտներ ու թուլամորթներ չի ճանչնար, այլ միայն խիզախ սիրտ ունեցողներ. կը սորվեցնէ պայքարի բարոյական արժէքներու առկայութիւնը,  որ կ՛արտացոլայ դրամատան դրամներուն ձեռք չտալու մէջ»: Ան եզրափակեց իր խօսքը` բարի երթ մաղթելով Պանք Օթոմանի շունչով զինուած այս սերունդի ընկերներուն եւ յարատեւ վերելք դաշնակցական պատանիին:

Ընդհանուր վարիչ մարմինի խօսքէն ետք, «Հրայր Դժոխք» պատանեկան միութենէն Շանթ Շմաւոնեան մեկնաբանեց «Մենք անկեղծ զինուոր ենք» երգը,  որուն յաջորդեց Սիամանթոյի  «Աստուածածում» կտորի ասմունքը` «Յառաջ» պատանեկան միութենէն Սեւատա Անտոնեանի մեկնաբանութեամբ: Ապա, հերթաբար բեմ բարձրացան 12 պատանեկան միութիւններէ 100 պատանիներ, որոնք նախքան իրենց դաշնակցական պատանիի երդումը կատարեն, ներկաներուն հրամցուցին յեղափոխական փունջ մը երգեր, ինչպէս` «Բաբգէն Սիւնիի մահը» եւ «Պատանիներ»:

Ձեռնարկի վերջին բաժինով կրթական մշակ, պատմաբան, ազգային կուսակցական գործիչ եւ ՀՅԴ Բիւրոյի տարիներու անդամ Երուանդ Փամպուքեանի կնքահայրութեամբ պատանիները խորհրդաւոր մթնոլորտի մէջ կատարեցին պատանիի իրենց խոստումը եւ կոչուեցան «Բաբգէն Սիւնիի սերունդ»:

Ե. Փամպուքեան յուզիչ եւ միեւնոյն ատեն խանդավառող նկատեց այսքան մեծաթիւ պատանիներու ներկայութիւնը բեմին վրայ` շնորհաւորելով վարիչները, ծնողները, որոնք իրենց զաւակները վստահած են պատանեկան միութեան` այն համոզումով, որ հոն անոնք ապահով կ՛ըլլան, ամէն տեսակի մոլութենէ ու ախտերէ կը պաշտպանուին եւ կը ստանան լաւագոյն դաստիարակութիւնը` նախ լաւ մարդ, ապա լաւ հայ, անկէ ետք լաւ դաշնակցական դառնալու համար:  Ան հաստատեց, որ այս քայլով պատանիները մեծ կազմակերպութեան` ՀՅԴ-ի նախաշեմէն ներս կը մտնեն: «Դուք գիտէք, որ այս մեծ կազմակերպութիւնը որքան պայքար, կռիւ է ծաւալած, նահատակներ է տուած հայրենիքի ու հայ ժողովուրդի ազատագրութեան համար: Դուք պէտք է լաւապէս սորված ըլլաք, որ մեր ժողովուրդին ճակատագիրը այնպէս է եղած, որ վերջին հարիւրաւոր ու հարիւրաւոր տարիներուն ընթացքին կորսնցուցած է ամէն տեսակի ազատութիւն, ինքնիշխանութիւն, ենթակայ եղած է ջարդարար ու բարբարոս ժողովուրդներու իշխանութեան, եւ տառապած, կոտորուած, հայրենիքէն դուրս է վտարուած: Դաշնակցութի՛ւնն էր, որ էջը փոխեց», հաստատեց Ե. Փամպուքեան:

Ան դիտել տուաւ, որ Դաշնակցութիւնն էր, որ կերտեց ազատ եւ անկախ Հայաստանի անկախութիւնը, Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք պայքարեցաւ յանուն արդարութեան, յանուն ժողովրդավարութեան, այլասերումի դէմ, սփիւռքի մէջ միշտ վառ պահեց ազատութեան ոգին, բարձր` մեր պահանջներու եւ իրաւունքներու հետապնդման դրօշակը: Օրուան կնքահայրը նշեց, որ այդ տարիներուն, երբ Դաշնակցութիւնը կը պայքարէր անկախութեան համար, զինք երազատես, ցնորքներ հետապնդող կ՛անուանէին, սակայն ժամանակը ցոյց տուաւ, որ այդ ալ իրականութիւն դարձաւ: «Այս բոլորը կարելի դարձան ՀՅԴ-ի մէկ այլ իրագործման շնորհիւ: Դարերով օտար տիրապետութեան տակ ապրող հայութիւնը, դարձած էր հլու, հպատակ, ենթարկուող, քաղաքականութեամբ չզբաղող, վերնախաւին կողմէ խելօքցուած, ռայայի վերածուած, այդ ժողովուրդին Դաշնակցութիւնը տուաւ կորով, իր մարդկային եւ ազգային իրաւունքներու պաշտպանութեան ու հետապնդումի գիտակցութիւն, եւ նոր հայը ստեղծուեցաւ շնորհիւ Դաշնակցութեան բազում նահատակներուն թափած արեան, նոր հայը այլեւս դարձաւ ճակատաբաց, պայքարէն ու մահէն չվախցող», հաստատեց Երուանդ Փամպուքեան`  յայտնելով, որ այդ նոր հայն էր, որ այդ բոլորը իրականացուց: Ըստ անոր, եթէ հայութեան նոր երազներն ու տենչերը իրականացնող նոր հայու կարիք կայ, ուրեմն պատանիներն են, որ պիտի կոչուին ըլլալու այդ հայը եւ ամենայն խիզախութեամբ, յանդգնութեամբ եւ անվախօրէն հետապնդելու մեր վերջնական դատը:

Ան յոյս յայտնեց, որ պատանիները կը դառնան արժանի յաջորդը Բաբգէն Սիւնիի եւ անոր ընկերներուն:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով:

Նշենք, որ ձեռնարկին աւարտին փոխանցուեցան շնորհաւորանքներ եւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

«Վազրիկ» Յունիս 2016

ARF BADANI բջիջային ծրագիր

appposter