Հ.Յ.Դ. Լ.Պ.Մ. Կրտսեր պատանիները կը նշեն ամանորը
Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Պատանեկան Միութիւնները Շաբաթ 27 Դեկտեմբեր 2014-ին նշեցին ամանորը՝ Beirut Mall-էն ներս, հաճելի եւ արկածախնդրական խաղերով միասնաբար դիմաւորելով նոր տարին: Անոնք աւելի քան երկու ժամ խաղացին Adventure Worldի խաղերը, որմէ ետք միասնաբար ճաշեցին: Պատանիները զբաղցուց կախարդ պապան ու նուէրներով ուրախացուց կաղանդ պապան: