Նախորդ մեր թերթիկով փորձեցինք ընդհանուր ծանօթութիւն եւ տեղեկութիւն փոխանցել հայկական դրօշակներու եւ զինանշաններու մասին։

 Նախքան անդրադառնալը հայկական եռագոյն դրօշի առաջացման պայմաններուն, հարկ է քանի մը խօսքով յստակացնել պատմական իրողութիւն մը, որ ձեւով մը կարելի է նկատել եռագոյն դրօշի նախագիծ մը։ 18րդ դարու երկրորդ կիսուն, հայ մեծահարուստ ազգայիններ եւ մտաւորականներ կը փորձէին հայրենի օճախ մը ստեղծել։ Այս իմաստով, Հնդկաստանի մէջ Շահամիրեանը, իսկ Ռուսիոյ մէջ Լազարեանը եւ Արղութեանը հանդիպումներ կ’ունենային ու բանակցութիւնները կը վարէին՝ ապագայ Հայաստանի մը համար։

1773 թուականին, Հնդկաստանի Մատրաս մայրաքաղաքին մէջ լոյս տեսաւ Շահամիրեանի «Որոգայթ փառաց»ը, ուր ներկայացուած էր անկախ Հայաստանի նախագիծ ծրագիր մը։ Այս ծրագիրը որոշ պատկերացում կու տար Հայաստանի ապագայ դրօշակին եւ անոր գոյներուն մասին։

 Նախատեսուած դրօշակը պիտի ունենար երեք գոյներ՝ կարմիր, կապոյտ եւ դեղին։ Բանակի զինուորներու հագուստներն ալ՝ նոյն երեք գոյները։

 Դրօշակի այս նախագիծ-ծրագիրը հայկական առաջին երանգաւոր դրօշակն է։ Մինչ այդ հայկական դրօշակները միագոյն լաթով եղած են։

 Առնուազն, եռագոյն ըլլալու իր ձեւին մէջ այս նախագիծ դրօշակը դարձաւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան դրօշակը։

 Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին վարչապետ՝ Սիմոն Վրացեան, իր «Հայաստանի Հանրապետութիւն» խորագրով գիրքին մէջ, անդրադառնալով։ Օգոստոս 1918ին Հայաստանի Խորհուրդի պաշտօնական բացումին՝ կը գրէ.

 «Հաստատուեցաւ Հայաստանի դրօշակը՝ հորիզոնական կարմիր, կապոյտ եւ նարինջի գոյներով։ Դրօշակի ձեւի եւ գոյներու շուրջ եղան բաւական երկար խորհրդակցութիւններ եւ նկատի առնուեցան հայոց պատմական դրօշակները։ Լսուեցաւ հայկաբան Ստ. Մալխասեանի հիմնաւորած զեկուցումը հայկական դրօշակի մասին։ Վերջապէս, որոշուեցաւ ընդունիլ վերոյիշեալ երեք գոյները՝ պայմանով, որ վերջնական հաստատումը կատարուի Սահմանադիր Ժողովին կողմէ, որ պէտք է գումարուէր Հայաստանի երկու հատուածներու միացումէն յետոյ։

 «Ի՞նչ բովանդակութիւն կամ խորհուրդ կը դրուէր այդ գոյներու կամ դրօշակի ամբողջութեանը մէջ։

(...)

«Այդ գոյները, կարծես, կը բխէին մեր կեանքէն. կը խորհրդանշէին հայ պետականութեան ծագումն ու ապագան։ Կարմիրը հայ ժողովուրդին թափած արիւնն էր. կապոյտը՝ Հայաստանի կապոյտ երկինքը եւ նարինջի կամ ոսկիի գոյնը՝ խտացումը աշխատանքի։ Հայ ժողովուրդը, որ արիւնով ձեռք բերած էր իր ազատութիւնը, հայրենի կապոյտ երկինքի տակ, իր համբաւաւոր աշխատասիրութեամբ՝ պիտի վերաշինէր երկիրը եւ ապրէր ազատ ու երջանիկ...»։     

 Իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանը աւելի ուշ ներկայացուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Խորհուրդին։ Այս մասին Ս. Վրացեան յիշեալ գիրքին մէջ կը գրէ.

 «Յուլիսին կառավարութիւնը հաստատեց Ակադ. Ալ. Թամանեանի կազմած եւ նկարիչ Կոջոյեանի գծած Հայաստանի պետական զինանշանի նախագիծը։ Զինանշանի կեդրոնը կար վահանաձեւ տարածութիւն մը՝ բաժնուած չորս մասի. իւրաքանչիւր մասին մէջ տեղաւորուած էին հին  Հայաստանի անկախ չորս շրջաններէն մէկուն զինանշանը՝ Արտաշէսեան, Արշակունեան, Բագրատունեան եւ Ռուբինեան։ Մէջտեղը դրուած էր մեծ ու փոքր Մասիսները եւ անոնց վրայ՝ «Հ.Հ.» տառերը։ Վահանի աջ ու ձախ կողմերը բռնած էին արծիւ մը եւ առիւծ մը, իսկ ներքեւը՝ սուր, գրիչ, հասկեր եւ շղթայ։

 «Այս զինանշանը լուրջ առարկութիւններ մէջտեղ բերաւ, թէ՛կառավարութեան մէջ եւ թէ դուրս։ Ոմանք դժգոհ էին ընդհանրապէս զինանշանի գաղափարին եւ ոգիին. կը վերարտադրէր, հին, անցած դարերու աւատապետական գաղափարները, չէր համապատասխաներ նոր Հայաստանի պարզ ռամկավար յառաջադէմ ոգիին։ Ուրիշներ կը գտնէին շատ ծանր, ահեղ, աշխարհակալական, միապետական ձգտումներու արտայայտիչ։ Կային մարդիկ ալ, որոնք նոյնիսկ պատմութեան ճշդութեան հակասող փաստեր կը գտնէին զինանշանին մէջ։ Օրինակ, հայոց մէջ ընդունուած չէ եղած երկգլխանեան արծիւը, որ Տիգրան Մեծի թագի վրայ թռչունները աղաւնիներ էին եւ ոչ թէ արծիւներ եւայլն։ Եւ, վերջապէս, զինանշանը գոհացում չէր տար մարդոց գեղասիրական ճաշակին. իր մէջ կը պարունակէր շատ կենդանիներ. «կատարեալ գազանանոց» կը սրախօսէին ոմանք։ «Սակայն եւ այնպէս, կառավարութիւնը հաստատեց ներկայացուած նախագիծը, որովհետեւ պատմական կամ գեղագիտական ուսումնասիրութիւններու ժամանակ չկար։ Հաստատեց ժամանակաւորապէս մինչեւ Սահմանադիր Ժողով, ինչպէս եւ պետական դրօշը, բնականաբար»։

 Ինչ ալ ըլլան առարկութիւնները, կը տեսնուի յստակօրէն, թէ զինանշանը իր ներշնչումը ստացած է ազգային ակունքներէն։ Այսինքն՝ պատմական Հայաստանի շարունակութիւնը հանդիսացող Հայաստանի Հանրապետութիւնը ամրօրէն կառչած կը մնար հայութեան ժառանգներուն։

29 Նոյեմբեր 1920ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի խորհրդայնացումը։

30 Դեկտեմբեր 1922ին, Մոսկուայի մէջ հաստատուեցաւ Խ. Միութեան սահմանադրութիւնը։ Հայաստան դարձաւ Խ. Միութեան մէկ արբանեակը։

 Խորհրդային Հանրապետութիւններուն դրօշակը մէկ տեսակ էր՝ կարմիր, վերը անկիւնը ձողին կողմը՝ մուրճ եւ մանգաղ նշանով։ Հայ ժողովուրդին համար խորթ էր պարտադրուած այս օտար դրօշակը։ Եթէ հանրապետութիւն էր պէտք էր ունենար սեփական իր դրօշակը, համապատասխան իրաւունքներով։

1952ի վերջերը միայն, Խ. Հայաստանի գերագոյն նախագահութիւնը հաստատեց հայկական դրօշակ։ Այս դրօշակը ունի հետեւեալ ձեւն ու գոյները.

 Կարմիր գոյնի կտորի մէջտեղը, դրօշակի ամբողջ երկայնքով, կ’անցնի կապոյտ շերտ մը։ Կապոյտ շերտը կը կազմէ դրօշակի լայնքին մէկ կարեւոր քառորդ մասը։ Դրօշակի կտորի վերի մասին մէջ՝ ձողին մօտ՝ կան ոսկի մուրճ եւ մանգաղ։ Անոնց վերը հնգաթեւ կարմիր աստղ՝ շրջանակուած ոսկեայ եզրազարդով։ Դրօշակի լայնքին յարաբերութիւնն է 1.2։

 Հայաստանի խորհրդայնացման առաջին օրերուն Հայաստան ունեցաւ իր յատուկ զինանշանը. շրջանակի մէջ՝ կեդրոնը Արարատ լեռը երկու գագաթներով՝ աջէն ձախ երկարած։ Լերան ստորոտին խաղողի ողկոյզ, հասկեր՝ կողմերէն վեր բարձրացած, վերը՝ Արարատէն բարձր՝ աստղ ճառագայթներ արձակած, վրան՝ նոյն մեծութեամբ մուրճ մանգաղ։ Շրջանակին եզերքը մեծ գիրերով գրուած է «Հայկական Սովետական Սոցիալիստական Ռեսպուբլիկա»։

«Վազրիկ» Յունիս 2016

ARF BADANI բջիջային ծրագիր

appposter