Օսմանեան կայսրութեան լուծէն ազատագրուող առաջին երկիրներէն եղաւ Յունաստանը։ Մօտ չորս դար թուրքերու տիրապետութեան տակ ապրելէ ետք, յոյները դիմեցին զինեալ ապստամբութեան տասնըիններորդ դարու սկիզբը, տասնամեակ մը տեւող հերոսական պայքարէ ետք արժանացան իրենց անկախութեան, 1830ին։

 Նորաստեղծ Յունաստանի տարածութիւնը ներկայ Յունաստանի մէկ երրորդը կը կազմէր միայն իսկ յոյն ժողովուրդի ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կ’ապրէր յոյն տիրապետութեան սահմաններէն դուրս։ Այս պատճառով, անկախ Յունաստանը դարձաւ  ազատագրական պայքարի մը խարիսխը, որ նպատակ ունէր յոյներով բնակուած շրջաններուն ազատագրումը թրքական լուծէն։

 Բոլոր ազատագրական պայքարներուն նման, յունական պետութեան գերիշխանութեան ընդարձակումը յունաբնակ շրջաններուն վրայ դիւրին չեղաւ։ Անկախ Յունաստանի պատմութիւնը շարան մըն է յաղթանակներու եւ պարտութիւններու, որոնք յոյն ժողովուրդին մէջ միշտ վառ պահեցին հակաթուրք տրամադրութիւնները։

 Յոյն-թրքական վերջին պատերազմը տեղի ունեցաւ Ա. Համաշխարհային պատերազմէն վերջ։ Յունաստան արդէն յաջողած էր ազատագրել իր հողերուն եւ ժողովուրդին մեծագոյն մասը. կը մնային միայն Արեւելեան Թրակիան (Պոլսոյ շուրջ), Իզմիրի շրջանը, Եգէական կղզիներուն մէկ մասը, Կիպրոսը եւ Երկոտասնեան կղզիները։

 Առաջին Համաշխարհային Պատերազմը վերջացաւ Գերմանիոյ եւ իր դաշնակից Թուրքիոյ պարտութեամբ։ Յունաստանի դաշնակիցներուն նաւատորմը մտաւ Պոլիս, իսկ 1919ի Մայիսին յունական բանակը հանդիսաւոր կերպով մտաւ Իզմիր։ Միաժամանակ կը սկսէր թուրք ազգայնական շարժումը Մուսթաֆա Քեմալի առաջնորդութեամբ։ Օսմանեան պետութիւնը ամբողջութեամբ քանդուած էր, բայց Քեմալ երկրի խորերը կը վերակազմակերպէր պարտուած թրքական բանակը։ Յունաստանի վարչապետ Վենիզելոսը կը ծրագրէ իր բանակները ղրկել Թուրքիոյ կեդրոնական մասը ճզմելու համար քեմալական շարժումը. սակայն իր դաշնակիցները՝ Անգլիա, Ֆրանսա եւ Իտալիա արգելք կը հանդիսանան իր ծրագրին. այսպէս թուրքերը ժամանակ կը շահին զօրանալու համար. նաեւ Ռուսիոյ մէջ նոր հաստատուած համայնավար իշխանութիւնը թիկունք կը հանդիսանայ Քեմալին։

1920ի Օգոստոսին կը ստորագրուէր Սեւրի դաշնագիրը, որուն համաձայն Իզմիրի շրջանը, Արեւելեան Թրակիան եւ Եգէական բոլոր կղզիները կը կցուէին Յունաստանին, Երկոտասնեան կղզիները կը տրուէին Իտալիոյ, իսկ Կիպրոսը կը մնար Անգլիոյ տիրապետութեան տակ։

Սեւրի դաշնագիրը չգործադրուեցաւ. յաղթական մեծ պետութիւնները ճիգ չթափեցին իրենց իսկ առած որոշումները գործի վերածելու համար։ Աւելին՝ կարճ ժամանակի ընթացքին, անոնցմէ ոմանք լքեցին իրենց նախկին դաշնակիցը՝ Յունաստանը եւ սկսան պաշտպանել Մուսթաֆա Քեմալի գլխաւորած թուրք ազգայնական շարժումը։ Յոյներն ալ, փոխանակ իրենց բոլոր կարողութիւնները Թուրքիոյ դէմ լարելու, զբաղած էին ներքին պայքարներով։

Երբ յոյները անդրադառնալով իրենց սխալին, կրկին սկսան զբաղիլ Արեւմտեան Թուրքիոյ յոյն ժողովուրդի ճակատագրով, արդէն ուշ էր։ Մուսթաֆա Քեմալ կրցած էր վերակազմակերպել իր բանակը եւ շուտով պիտի անցնէր հակայարձակողականի։ 1922ի ռազմական գործողութիւնները ամբողջական ձախողութիւն մը եղան յունական բանակներուն համար։ Շատ կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին, անոնք կորսնցուցին ազատագրուած հողերը եւ բառին բուն իմաստով ծով թափուեցան թրքական բանակներուն կողմէ։ Իզմիրի ծովեզերքը լեցուեցաւ յոյն զինուորներու դիակներով։ Թրքական բանակները, ըստ իրենց սովորութեան, չգոհացան միայն յոյն զինուորները հալածելով. իրենց ճամբուն վրայ անոնք բրտօրէն տեղահան ըրին յոյն եւ հայ անզէն բնակչութիւնը որ ողբերգական պայմաններու մէջ կը փորձէր նաւակներով եւ նաւերով հեռանալ դէպի Յունաստան։ Թուրքերը Իզմիրը կրակի տուին, ամբողջութեամբ քանդելով քաղաքի յունական եւ հայկական թաղերը։ Պատերազմի աւարտին, աղէտը ամբողջական էր յոյն բնակչութեան համար. հազարամեակներ շարունակ յոյներով բնակուած Արեւմտեան փոքր Ասիան ինչպէս նաեւ Արեւելեան Թրակիան լրիւ պարպուած էին իրենց յոյն ազգաբնակչութենէն։ Յունաստանի մէջ կը վխտային գաղթականները, թիւով մէկ միլիոնէ աւելի։ Մօտ մէկ միլիոն յոյներ ջարդուած էին պատերազմի ընթացքին։ Պատերազմէն վերջ, Սեւրի դաշնագիրը փոխարինուեցաւ Լոզանի դաշնագրով (Յուլիս 1923)  որ վերջնականօրէն կը նուիրագործէր ստեղծուած կացութիւնը։ Իզմիրը եւ Արեւելեան Թրակիան կը մնային Թուրքիոյ ձեռքը։ Տեղի կ’ունենար բնակիչներու փոխանակում, այսինքն Թուրքիոյ մէջ մնացած յոյները (բացի Պոլիսէն) կը փոխադրուէին Յունաստան, իսկ Յունաստանի մէջ ապրող թուրքերու մեծամասնութիւնը կը փոխադրուէր Թուրքիա։ Անկէ վերջ՝ մինչեւ Համաշխարհային Երկրորդ պատերազմ, Յունաստանը պարտաւոր էր զբաղիլ իր ներքին ընկերային հարցերով, մանաւանդ համեմատաբար հսկայածաւալ գաղթականութեան (ընդհանուր բնակչութեան մօտ 20%ը) տեղաւորումով եւ անոր զարգացումով։   Աղէտէն ութ տարի վերջ՝ 1930ին, Յունաստան, կրկին Վենիզէլոսի գլխաւորութեամբ, քեմալական Թուրքիոյ հետ կը ստորագրէր բարեկամութեան դաշնագիր մը։ Այս ձեւով Յունաստանի եւ Թուրքիոյ գէթ պաշտօնական յարաբերութիւնները կը դառնային բնականոն։Համաշխարհային Երկրորդ պատերազմի ընթացքին Յունաստան կռուեցաւ Գերմանիոյ դէմ՝ Դաշնակիցներու կողքին իսկ Թուրքիա մնաց չէզոք, պատերազմի գրեթէ ամբողջ տեւողութեան։ Այս պատերազմի աւարտին, Իտալիա Երկոտասնեան կղզիները կը յանձնէր Յունաստանին, մինչ Կիպրոսի մէջ կրկին կը սկսէր անգլիական լուծէն ազատագրուելու եւ կղզին Յունաստանին միացնելու պայքարը որ վերջացաւ 1960ին Կիպրոսի անկախութեան հռչակումով։ Կիպրոսի մէջ վերսկսած պայքարին որպէս հակազդեցութիւն, 1956ի Սեպտեմբերին Պոլսոյ մէջ թուրք ամբոխներ, թուրք ոստիկանութեան հանդուրժողութեամբ թալանեցին յոյներու եւ հայերու պատկանող խանութները. իբրեւ արդիւնք, քաղաքի յոյները սկսան գաղթել դէպի Յունաստան։  Ներկային Յունաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները կրկին լարուած են։ 1974ին Թուրքիա Կիպրոսի վրայ ցամաքահանում կատարեց, «կղզիի թուրք բնակչութիւնը պաշտպանելու» պատրուակով, գրաւելով անոր հողամասին 40%ը։ Կիպրոսի հարցին պատճառով Յունաստան եւ Թուրքիա երկու անգամ հասան պատերազմի սեմին, հակառակ այն իրողութեան, որ երկուքն ալ անդամ են Հիւսիսային Ատլանտեանի Ուխտին (ՆԱԹՕ)։ Կիպրոսի հարցէն զատ Թուրքիա հետզհետէ սկսաւ արծարծել նաեւ Եգէական ծովու հարցը։ Եգէական ծովը յունական կղզիներով լեցուն ծով մըն է։ Կղզիներու մէկ կարեւոր մասը կը գտնուիփոքր Ասիոյ եզերքներէն ոչ շատ հեռու։ Այսպէս, միջազգային օրէնքի համաձայն, կղզիներէն զատ՝ նաեւ այդ կղզիները շրջապատող ծովը կը պատկանի Յունաստանի մինչեւ որոշ հեռաւորութիւն. իսկ նկատի առնելով Եգէականի կղզիներուն մեծ թիւը, այդ ծովը կը նկատուի յունական ծով, ինչ որ Թուրքիա լռելեայն ընդունած էր 1930ի բարեկամութեան դաշնագիրը ստորագրելով։ Թուրքիա Եգէական ծովու հարցը դրաւ մանաւանդ այն ատեն երբ յայտնի եղաւ թէ հիւսիսային Եգէականի յատակը հարուստ է քարիւղի հանքերով։ 1973էն ասդին, Յունաստան արդէն իսկ կ’օգտագործէ այդ հանքերուն մէկ մասը։ Յոյն-թրքական լարուածութիւնը երեւան կու գայ միջազգային կեանքի բոլոր մարզերէն ներս։ Թուրքերը առիթ չեն փախցներ յայտարարելու թէ Յունաստան եւ Կոպրոսի յոյները թիկունք կը հանդիսանան հայ ահաբեկիչներուն, հակաթուրք իրենց գործունէութեան մէջ, բան մը որ կտրուկ կերպով կը մերժեն յոյները։ ՆԱԹՕԻ ժողովներուն օրակարգի մնայուն նիւթ է յոյն-թրքական հակամարտութիւնը. ամէն անգամ որ մէկուն զինուորական օժանդակութիւն տրուի միւսն ալ կը պահանջէ համապատասխան օժանդակութիւն։

 Կիպրոսի հարցը եւ Եգէական ծովու արուեստականօրէն ստեղծած խնդիրը դէմ դիմաց կը դնեն ներկային Յունաստանը եւ Թուրքիան. այս ձեւով իրենց միջեւ բախում մը կրկին դարձած է հաւանական։

«Վազրիկ» Յունիս 2016

ARF BADANI բջիջային ծրագիր

appposter