Ա. ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ

Նախիջեւանը պատմականօրէն մաս կազմած է հայկական Երուանդունեաց, Արտաշիսեան եւ Արշակունեաց հարստութիւններուն։ Գողթն գաւառը անոր մէջ կը գտնուէր, իսկ ինք իբրեւ ամբողջութիւն մաս կը կազմէր հիւսիսէն Սիւնեաց նախարարութեան, իսկ հարաւէն Արծրունեաց նախարարութեան։

 Կանուխ միջնադարուն, Նախիջեւան նշանաւոր էր իր զարգացած քաղաքներով, ինչպէս՝ Երնջակ, Որդվար, Ջուղա եւ Ագուլիս։ Մետաքսի նախանիւթով հարուստ ըլլալուն, նախիջեւանցիները նշանաւոր եղած են այս նիւթերը Ասիոյ եւ Եւրոպայի մէջ տարածելու իմաստով։

Արաբական տիրապետութեան շրջանին սկսած բռնի մահմետականացման ընթացքը շարունակուեցաւ սելճուք-թուրքերու օրերուն, ապա, երբ Շահ Աբաս Գողթնի, Երնջակի, Ջահուկի, Ջուղայի եւ Նախիջեւան քաղաքի հայ բնակչութիւնը բռնագաղթի մղեց դէպի Պարսկաստան, շրջանը աւելի եւս բնակուեցաւ իսլամ եկուորներով։   

1826-28ի Թուրքմենչայի դաշնագրով, Նախիջեւան անցաւ Ռուսաստանի ձեռքը։ Անոր հայկական դիմագիծը աւելի եւս տուժեց 1915-1918ի Եղեռնի օրերուն։ Ապա մաս կազմեց Հայաստանի Հանրապետութեան եւ միայն 1923ին է որ, Ստալինի կամայական մէկ որոշումով, դարձաւ Ազրպէյճանի ենթակայ։ Արդարութեան աւելի ակնարեւ բռնաբարում մը կայ այս առթիւ, քան Արցախի պարագային, որովհետեւ մինչ Արցախ ուղղակի սահմանակից է Ազրպէյճանի, Նախիջեւան ոչ մէկ սահման ունի անոր հետ եւ Հայաստանի վրայով անցնելով է որ Ազրպէյճան իշխանութիւն կը պարտադրէ անոր։

Բ. ԱՇԽԱՐՀԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԿԱՐԵԼԻՈՒԹԻՒՆ

Տարածութիւնը5600 քառ.քլմ. է։ Արեւելքէն շրջապատուած է Զանգեզուրի, իսկ հիւսիսէն՝ Վայքի լեռներով։ Դաշտային է եւ գրեթէ զուրկ՝ անտառներէ։ Իր Շարուրի եւ Նախիջեւանի դաշտերով բնական շարունակութիւնը կը կազմէ Արարատեան դաշտին։ Հարաւէն շրջապատուած է Արաքսով, որուն հարկատուներն են Արփա, Նախիջեւան, Ջահուկ, Երնջակ եւ Ագուլիս գետերը։ Արաքսի վրայ կառուցուած է հսկայ ելեկտրակայան մը։

Նախիջեւան հնագոյն ժամանակներէն արդէն նշանաւոր էր շերամապահութեամբ, որմէ եւ մետաքսագործութեան անոր աւանդութիւնը։ Գողթն իր գաւառներով, նշանաւոր է խաղողով եւ գինեգործութեամբ, բամպակի եւ բրինձի մշակումով, պտղաբուծութեամբ (խաղող, դեղձ, ծիրան եւ ծխախոտով)։ Հանքային հարստութիւններէն նշելի են աղի հանքերը, իսկ արհեստներէն՝ գորգագործութիւնը։

Մինչեւ օրս, Նախիջեւան կը ներկայացնէ առեւտրական լայն կարելիութիւններ։ Նախիջեւան քաղաքէն կ’անցնին երկաթուղային այն գիծերը, որոնք Պաքուն, Երեւանը եւ Թաւրիզը կը միացնեն իրարու։

Գ. ՆԱԽԻՋԵՒԱՆԻ ԱՅԺՄՈՒ ՊԱՏԿԵՐԸ

Պատկեր մը կազմելու համար այն մասին, թէ ի՞նչ վնասներու ենթարկուած է Նախիջեւանը, նշենք որ Նախիջեւան քաղաքի80 հայկական եկեղեցիներէն եւ վանքերէն վերջին երկուքը դեռ վերջերս քանդուեցան։ 6րդ դարուն, Գողթն գաւառը այնքան բազմամարդ եղած է, որ ունեցած է եկեղեցական առանձին թեմ։ 16րդ դարուն Ջուղա ունէր մօտ 40,000 զուտ հայկական բնակչութիւն։ 17րդ դարուն, Վերին Ագուլիսի հայ բնակչութիւնը հաշուած է8000 հայ ընտանիք։ 1904ին Ջուղայի գերեզմանատան մէջ կային5000 խաչքարեր։ Ասոնցմէ եւ բազմաթիւ բերդերէ, վանքերէ ու եկեղեցիներէ, ինչպէս նաեւ պատմական յուշարձաններէ եւ ձեռագիրներէ գրեթէ ոչինչ մնացած է։ Կարելի եղած է ատենին փրկել շուրջ 300  ձեռագիր։

 Դեռ 1913ին, Նախիջեւանի բնակչութեան80 առ հարիւր տոկոսը հայերէ կը բաղկանար։ 1959ի տուեալներով, այդ համեմատութիւնը արդէն իջած էր6.7 առ հարիւրի, 1970ին՝ 2.9 առ հարիւրի, իսկ 1985ին 1.6 առ հարիւրի, իսկ այսօր գրեթէ ոչ մէկ հայ մնացած է Նախիջեւանի մէջ։

 Ասոնք բոլորը հետեւանք են ծրագրուած մշակութային սպանդի եւ քաղաքական իրաւունքներու բռնաբարման, մեկնելով հակահայ մոլուցքէ։ Սկսելով եկեղեցապատկան կալուածներու բռնագրաւումէն, ինչ որ խորհրդային վերին իշխանութիւններուն օրհնութիւնը պիտի վայելէր անտարակոյս, եւ հասնելով մինչեւ հայկական դպրոցներու փակումն ու Ազրպէյճանական դպրոցներու մէջ հայերու ապահայացման ընթացքը, ինչպէս նաեւ ուղղակի խտրական վերաբերումը ամէն ինչի նկատմամբ, որ հայ տարրին ինքնութեան պահպանումը կ’ապահովէ։

 Նախիջեւանի բնակչութեան մեծամասնութիւնը կազմող թաթարներուն (որոնք իրենք զիրենք ազրպէյճանցի կը կոչեն) քաղաքականութիւնը կը թելադրուի մէկ կողմէ Ազրպէյճանի, իսկ միւս կողմէ Թուրքիոյ փանթուրքական հայաջինջ եւ Հայաստանը առանց հայու տեսնելու քաղաքականութենէն։ Կ’ուզեն քանդել ամէն ինչ, որ կը փաստէ թէ հայերը այս շրջանի հնագոյն բնակիչներն ու իրաւական տէրերն են։

Ահա թէ ինչ ճակատագիր կը սպասէր Արցախի, եթէ Նախիջեւանի հայերուն պէս անոր հայ բնակիչները կա՛մ ապահայացած եւ կամ ալ արտագաղթած ըլլային եւ չլծուէին վերջերս ծաւալած իրենց պահանջատիրական պայքարին։

«Վազրիկ» Յունիս 2016

ARF BADANI բջիջային ծրագիր

appposter