Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կազմակերպական ուժը հիմնուած էր այն վստահութեան վրայ որ հայ ժողովուրդը ունէր դաշնակցական ֆետայիին եւ գործիչին հանդէպ։

Այս վստահութեան պատճառը այն համոզումն էր թէ ֆետային դէմ կը դնէ կառավարութեան կանոնաւոր բանակին, չի վախնար մահէն եւ իր խելքով եւ զինուորական թաքթիքով խաղի կը բերէ բոլորը։

Ժողովուրդի կազմակերպումի աշխատանքին եւ շահագործողներու եւ դաւաճաններու պատիժի կողքին, անհրաժեշտ էր փաստել հայութեան, քիւրտերուն եւ թուրքին, թէ հայկական զինուորական ուժը վերականգնած է եւ պատրաստ է ճակատելու թշնամիին դէմ։

Կռիւը անհաւասար էր, որովհետեւ մի քանի տասնեակ ֆետայիներ իրենց դիմաց կը գտնէին տասնեակ հազարաւոր բանակ եւ քիւրտ հազարաւոր զինեալներ։ Պէտք էր դիմել խելքի եւ ճարպիկութեան։

ԵՐԲ ԹՇՆԱՄԻԴ ՈՒԺԵՂ Է ՔԵԶՄԷ, ՇԱՐԺԷ ԱՐԱԳ ԵՒ ԱՆՍՊԱՍԵԼԻ ՁԵՒՈՎ, ԻՐ ՈՒԺԵՐԸ ԲԱԺՆԷ ԵՐԿՈՒՔԻ, ԽԱԽՏԷ ԻՐ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՔԱՆԴԷ ԻՐ ԻՆՔՆԱՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆԸ։

Այսպէս կը վարուէր Տարօնի ֆետային երբ ստիպուած էր մէկ կողմէն երեւնալ ժողովուրդին եւ զգացնել թէ ինք ներկայ է միշտ, իսկ միւս կողմէն, պայքարիլ թրքական բանակին դէմ։

1906ի Ապրիլ ամիսն է. Սասունի լեռներէն80 ֆետայիներ կ’իջնեն Մշոյ դաշտ Գէորգի եւ Ռուբէնի գլխաւորութեամբ։

Բոլորն ալ կը քալեն արագ, ձեռքի գաւազանները կը զարնեն լերան լանջին, կը ցատկեն անդունդներուն վրայէն եւ լուռ ու անխօս կ’իջնեն վար։

Առջեւէն կ’երթան յառաջապահները, ամենէն սուր աչք ունեցող ֆետայիները։ Բոլորը կը հետեւին եւ օձի նման կը սլանան դէպի դաշտ։ Կը հասնին Մշոյ դաշտ որ ցեխոտ է, ամէն քայլի առու մը կայ, ինչ որ կը դժուարացնէ քալելը։

Գէորգ կ’ըսէ. «Պէտք է ձիաւոր դառնանք»։ Մանուկը կ’ուղարկէ Քարձոր գիւղի ֆայատ քիւրտ բէկին մօտ եւ կը պահանջէ ձիեր բոլորին համար եւ կը խոստանայ երկու շաբաթէն վերադարձնել։ Քիչ ետք, բէկը ինքը ձիերը կը բերէ։ Գէորգ երեսուն ոսկի կու տայ իբր վարձք. բէկը կը մերժէ՝ ըսելով. «Դուք որ ձեր կեանքը վտանգի տակ կը դնէք, մենք ալ ձեզի օգտակար պէտք է ըլլանք»։ Բէկը սուտ կը խօսէր. ան վախէն է որ ձիերը կը յանձնէր։ Գէորգ կ’ըսէ. «Թէ որ այդպէս է, այս տասը ոսկին աղքատներուն բաժնեցէք, թող աղօթեն որ այս փորձանք կառավարութիւնը տապալի»։ Ֆետայիները ձիերը կը նստին եւ կ’երթան դէպի Ս. Յովհաննէս վանքի անտառները։

Անտառը կը լեցուի շրջակայ հայ գիւղերէն եկած ժողովուրդով։ Ամէն մէկը գործով մը եկած է։ Մէկը խմիչք բերած է, միւսը խոյ մը՝ ֆետայիներուն մատաղ ընելու համար. ուրիշներ եկած են դատերու համար, իսկ երիտասարդ տղաք՝ գիւղի խմբական եւ կազմակերպական գործերով։ Իւրաքանչիւրը խնդրանք մը եւ ցաւ մը ունի։ Անտառը կ’եռայ կեանքով։ Իրիկունը, կրակները կը վառուին եւ խորովածի հոտը աշխարհը կը բռնէ։ Ֆետայիները կը խօսին ժողովուրդին հետ, կը կատակեն, կը բարկանան, իսկ մութը չկոխած, կը բռնեն կլոր պար։ Գեղեցիկ է ֆետայիին կեանքը անտառին մէջ, Տարօնի քաջ, հպարտ ու պարզ ժողովուրդին հետ։

Բայց Հայաստան աշխարհը լեցուն է վտանգով։ Մուշէն եկած են ծածկագիրով գրուած նամակներ, որ կը յայտնեն թէ ֆետայիներուն տեղը մատնուած է եւ զօրքը շարժած է արդէն։ Գէորգ եւ Ռուբէն կ’ըսեն. «Ժանգոտեցանք, եկէք զօրքին գլխուն խաղ մը խաղանք»։

Ժողովուրդը կ’ուղարկեն իրենց տուները։ Մոխիրը կը թաղեն հողին տակ, հետքերը կ’անհետացնեն, անտառին մէջ բացուած ճամբաները կը ծածկեն տերեւներով եւ ճիւղերով։ Մանուկը կ’երթայ Ղզըլաղաճ գիւղը 20ի չափ տիկ բերելու համար, որպէսզի պատրաստ ըլլան գետը անցնելու եթէ պէտք ըլլայ։

Կէս գիշերին, շարքով եւ ձիերուն սանձերէն բռնած, Գէորգը առջեւէն, կը մտնեն գետին մէջ եւ եզերքէն, քարերուն վրայէն քալելով կ’առաջանան դէպի դաշտ։ Թշնամին պիտի տեսնէր որ ֆետայիները անտառ մտած են, բայց ելքի հետքը չտեսնելով, պիտի կարծէր թէ տակաւին անտառին մէջն են, կամ ալ     թռչունի նման թռած։ Առաւօտուն, կը հասնին հայկական Քիւրտմէյտան գիւղը եւ մինչեւ երեկոյ կը հանգստանան։

Ռուբէն հեռադիտակով կը դիտէ եւ կը տեսնէ որ զօրքը դիրք բռնած է անտառին շուրջը։ Կը լսուին հրացանի կրակոցներ. քիչ ետք, գնդացիրներն ալ կը սկսին եռանդով աշխատիլ։

Գէորգ եւ Ռուբէն հանգիստ կերպով կը դիտեն զօրքի անիմաստ յարձակումը։ Գէորգ կ’ըսէ. «Այդ անաստուածները բոլոր ծառերը փչացուցին. շատուոր են շուները։ Սխալ մը ըրինք, վախէն կը կրակեն, կը վախնան անտառ մտնելու, եթէ քսան հոգի մը անտառին մէջ ձգած ըլլայինք երեկոյեան այդ աւազակներուն ծոծրակէն կը փակցնէինք»։

Կէսօրին հրացանաձգութիւնը կը դադրի. զօրքը վերջ ի վերջոյ կը հասկնայ որ անտառին մէջ մարդ չկայ։ Երեկոյեան թրքական հարիւր հոգինոց հեծելազօրքը դաշտ կ’իջնէ եւ ֆետայիները կը փնտռէ։ Գէորգ եւ Ռուբէն կ’որոշեն խաղի բերել հեծեալները։

Ռուբէն եւ 25 ընկերներ կը քշեն դէպի բաց դաշտ. այնպէս կը վարուին որ զօրքը տեսնէ իրենց շարժումը. կը կրակեն դէպի Քիւրտմէյտան յառաջացող հեծելազօրքին վրայ. թշնամին ճամբան կը փոխէ եւ կ’արշաւէ դէպի ֆետայիները։

Գէորգ լուռ կը սպասէ մինչեւ որ զօրքը անցնի Քիւրտմէյտանի առջեւէն։ Ռուբէն եւ ընկերները, կրակելով կը քշեն դէպի Զանգոք գիւղ։ Հազիւ հինգ քիլոմեթր հեռացած են, երբ Գէորգ մնացեալ ֆետայիներուն ձիերը դուրս կը քշէ գիւղէն եւ կ’անցնի թշնամիին թիկունքը։ Այսպէս, հեծելազօրքը կը բաժնուի հետեւակ զօրքէն։

Ռուբէնի խումբը ձիերէն կ’իջնէ եւ դիրք կը բռնէ լերան ստորոտը։ Գէորգն ալ թիկունքէն կը կրակէ։ Թրքական հեծելազօրքը ինքզինք կորսնցուցած է, ամէն մէկը կողմ մը կը քշէ փախչելու համար։ Թշնամին կու տայ բազմաթիւ զոհեր իսկ ֆետայիները կ’ունենան միայն մէկ հոգի թեւէն վիրաւոր։

Ֆետայիները կը խմբուին եւ ձիերը կը քշեն դէպի Արածանի գետը։ Տիկերը կ’ուռեցնեն եւ ձիերը սանձէն բռնած կը կտրեն գետը, մինչ թուրքերը կը բռնեն գետին միւս ափը։ Պէտք էր արագ շարժիլ եւ արեւը չծագած հետքերնին կորսնցնել։

Գէորգ կը հրամայէ քշել դէպի Սուլուխի կամուրջը։ Կամուրջին մօտ կան պահակ զինուորներ. Շենըկի Մանուկ, փեթարի Մանուկ եւ Ախօ արագ մը կը մաքրեն անոնց հաշիւը. խումբը կ’անցնի կամուրջէն եւ կը հասնի Յունան գիւղը ուր կը բաժնուին երկու խումբի։

Ռուբէն, 20 հոգիով կ’անցնի դէպի Մեղրագետ։ Ձիերը կու տայ գիւղացիներուն որ մտցնեն Մուշ քաղաք եւ ետքը կրկին դուրս հանեն եւ յանձնեն Քարձորի բէկին։ Այդպէս ալ կ’ըլլայ։

Գէորգ ձիաւոր ընկերներով կը չափչփէ Մշոյ դաշտը եւ կ’այցելէ հայ եւ քիւրտ գիւղեր։ Դրմերտ գիւղին մէջ կը հասկնայ որ զօրքը երկու կողմէն կը սեղմէ իր խումբը։

Արեւը մայր չմտած, Գէորգ կ’ելլէ դաշտ։ Երեկոյեան կը տեսնէ զօրքը որ կը մօտենայ։ Գէորգ կը յարձակի զօրքին վրայ տասնոց արագահարուածներով, ճամբայ կը բանայ եւ այնպէս կը ձեւացնէ թէ կ’երթայ դէպի Ցրօնք գիւղը ուր թրքական հետեւակ զօրքը դիրք բռնած էր։ Ճամբան, Գէորգ կը շեղի եւ կը պաշտպանուի Մառնիկի անտառին մէջ։ Զօրքը, շուարած, ամբողջ շաբաթ մը Գէորգի հետքը կը փնտռէ եւ ի վերջով յուսահատ, իր տեղը կը վերադառնայ։

Կառավարութիւնը եւ զօրքը կը կատղին բայց ֆետային իր նպատակին հասած էր։ Թրքական կանոնաւոր բանակը խայտառակ եղած էր։ Քիւրտերու աչքին ֆետայիի վարկը եւ հմայքը լեռներու չափ մեծցած էին։ Իսկ հայ ժողովուրդին մէջ, աւելի ամրացած էր ինքն իր ուժին եւ իր կազմակերպութեան հանդէպ սէրը եւ հաւատքը։

Մեզմէ շատ աւելի ուժեղ թրքական պետութեան եւ բանակին դէմ, մեր ազատագրական պայքարը կարելի դարձաւ շնորհիւ խելքի գործածութեան,    հեռատեսութեան եւ արագ ու անսպասելի շարժումին։

«Վազրիկ» Յունիս 2016

ARF BADANI բջիջային ծրագիր

appposter