Դաշնակցական ֆետայիին կեանքը վտանգուած էր ամէն վայրկեան։ Ան կը հալածուէր թրքական բանակէն, ոստիկանութենէն, քիւրտ աշիրէթներէն եւ քրտական համիտիէ անկանոն զօրքէն։ Անոր կեանքը կախուած էր թելէ մը միայն։ Որեւէ վայրկեան եւ որեւէ տեղ ֆետային կրնար իյնալ ծուղակի մը մէջ եւ կռիւով մեռնիլ։

Ֆետային չէր վախնար կռիւէն, եւ մահէն, բայց չէր ուզեր անիմաստ կերպով վտանգել Կազմակերպութիւնը եւ իր ապաստանած գիւղի բնակչութիւնը։ Հետեւաբար կը փնտռէր եւ կը գտնէր ձեւը թշնամիին չերեւնալու, արագօրէն անհետանալու։ Անհրաժեշտ էր պաղարիւն կերպով խելքը աշխատցնել, նեղ վիճակէն ազատելու համար։

Ճարպիկ եւ խելացի ֆետային «օդին մէջ կ’անհետանար» հետապնդող զօրքը, շուարած, ամէն կողմ զինք կը փնտռէր, մինչ ֆետային նստած կ’ըլլար անոր քիթին տակ։

Ֆետային սորված էր պատերազմի հիմնական օրէնքներէն մէկը. ԵԹԷ ԹՇՆԱՄԻԴ ՔԵԶՄԷ ՈՒԺԵՂ Է ԵՒ ՆԵՂ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԵՍ, ՎԱՐՈՒԷ ԻՆՔՆԱՎՍՏԱՀ ԵՒ ԱՆՍՊԱՍԵԼԻ ՁԵՒՈՎ, ՔԱԼԷ ԱՅՆ ՃԱՄԲԱՅԷՆ, ՈՐ ԱՄԵՆԷՆ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐԸ ԿԸ ՆԿԱՏՈՒԻ, ՊԱՀՈՒԸՏԷ ՏԵՂ ՄԸ, ՈՐ ԹՇՆԱՄԻՆ ԿԸ ՆԿԱՏԷ ԱՊԱՀՈՎ։

1906ի ձմեռն է։ Ֆետայիներու մէկ մասը Ռուբէնի գլխաւորութեամբ քաշուած են Ղաշխալթաղ գիւղը երբ լուր կու գայ՝ թէ այդ գիշեր, գիւղը պիտի պաշարուի 1000 զինուորներով։

Ռուբէն կը հրահանգէ անմիջապէս, առանց գիւղացիներուն լուր տալու, հագուիլ «լականները» եւ գիշերով, դուրս գալ գիւղէն («լականը» ուռենիի բունէն շինուած, 8-ի ձեւով կօշիկ մըն էր, որ մարմնի ծանրութիւնը կը տարածէր եւ արգելք կ’ըլլար ձիւնին մէջ խրուելուն)։

Ամէն կողմ ձիւն է եւ մշուշ։ Մէկ ճամբայ կայ, անկէ ալ զօրքը կու գայ։ Ռուբէն խումբը կը տանի դէպի Մաղագոմ, ամբողջովին քիւրտ գիւղը։

Առտուն ժամը 3ին, ֆետայիները կը հասնին գիւղին մօտերը։ Կը լսեն շուներուն հաջոցը։ Եթէ Մաղագոմցիները իմանային որ ֆետայիները այնտեղ կը գտնուին, կռիւը պիտի սկսէր։ Խումբը այդ գիւղին մօտեցած է պարզապէս հետքը կորսնցնելու համար։

Ֆետայիները ուղղութիւն կը փոխեն եւ կ’երթան դէպի հայ-քիւրտ խառն, Խփեր գիւղը։ Կը հասնին Խոփեր. Ռուբէն կը հրամայէ ֆետայիի մը զինաթափ ըլլալ եւ իբրեւ գիւղացի գիւղ մտնել։ Անոր ետեւէն, ձիւնին վրայէն փորի վրայ սողալով, ֆետայիները կ’երթան դէպի գիւղի մարագները, ուր խոտերուն եւ գարիին մէջ կը պահուըտին եւ մինչեւ յաջորդ իրիկուն կը հանգստանան։

Ֆետայիները կը կանչեն գիւղի խմբապետ Յովոն, որ կը պատմէ թէ առջի գիշեր 400 թուրք զինուոր գիւղը կը մնան եւ առաւօտուն կը մեկնին։ 400նոց այլ գունդ մը այդ առտու կ’անցնի գիւղէն եւ կ’ուղղուի դէպի Ղաշխալթաղ։

Ռուբէն եւ ընկերները կ’աճապարեն եւ փոխանակ հեռանալու զօրքէն աւելի եւս կը մօտենան Մուշ քաղաքին։ Կ’երթան Կառնի գիւղը, ուր 100 թուրք զինուոր կ’ըլլար միշտ եւ հոն հայկական տան մը մէջ կը հանգստանան։

Մինչ այդ, թրքական բանակը Ղաշխալթաղէն Մաղագոմ, Մաղագոմէն Խոփեր եւ ամէն կողմ ֆետայիները կը փնտռէ եւ չի գտներ։

Ռուբէն ճիշդ որոշում առած էր. ան, փոխանակ զօրքէն փախչելու, գացած եւ զօրքի սիրտին մէջ տեղաւորուած էր, անշուշտ զգուշութեամբ եւ արթնութեամբ։

Սպաղանաց Գալէն Սասունի Սպաղանք գիւղի հերոսներէն էր եւ շատ նշանաւոր ֆետայի։ Ան հազարաւոր փորձանքներէ ազատած եւ հարիւրաւորկռիւներ մղած էր։ Գէորգ Չաւուշ Գալէի վրայ բացառիկ վստահութիւն ունէր որովհետեւ ան պաղարիւն, հանդարտ եւ հնարամիտ էր։

Օր մը Գալէ, փեթակի Մանուկ, Ախօ եւ Ռուբէն Պլել գիւղն են։ Թուրք ոստիկաններ եկած են գիւղը եւ ոչխարներու թիւին համաձայն տուրք կը հաւաքեն։ Գիւղացիները կառավարութեան աւելորդ տուրք չտալու համար ոչխարները կը պահէին լեռները եւ կամ ձիւնին տակ շինուած պահարաններու մէջ։ Տուրք հաւաքող ոստիկանները այս բանը գիտէին եւ շատ խիստ խուզարկութիւն կ’ընէին։

Ռուբէն, Գալէ եւ իրենց ընկերները ձիւնին տակ տեղ բացած են, սենեակ մի շինած եւ այդտեղ պահուըտած թուղթ կը խաղան։

Յանկարծ ձիւնի թաքստոցը կը փլի եւ ոստիկան մը առաստաղէն կ’իյնայ սենեակին մէջ։ Պաղարիւն Գալէն անմիջապէս անոր օձիքէն կը բռնէ եւ կ’ըսէ. «Հոս ոչխար չկայ. թուղթ կ’ուզե՞ս խաղալ. վերը քանի՞ հոգի էք»։ Յայտնի կ’ըլլայ որ ոստիկանին հետ ուրիշներ չկան։

Ֆետայիները կ’առնեն ոստիկանը եւ կ’երթան արդէն իսկ խուզարկուած մարագ մը, ուր Գալէն կը ստիպէ ոստիկանը որ մինչեւ իրիկուն իր հետ թուղթ խաղայ։ Ոստիկանը վախէն կը դողայ, իսկ Գալէ կ’ըսէ. «Ի՞նչ հոգիդ կը թռի. պիտի չմեռնիս, լաւ խաղայ գիշերը կ’երթաս գործիդ»։ Եւ այդպէս ալ կ’ըլլայ. մութը որ կ’իջնէ ֆետայիները կը մեկնին, իսկ շուարած ոստիկանը կը հեռանայ։ Ան պիտի չհամարձակէր խօսիլ, իր մեծերը պիտի կասկածէին իրմէ, որովհետեւ ողջ մնացած էր։

Ուրիշ օր մը, Գալէ եւ Ռուբէն մինակնին Շէյխլան գիւղն են։ Յանկարծ կը տեսնեն որ երկու քիլոմեթրի վրայ զօրքը կը մօտենայ գիւղին։ Գիւղացիները կը պահուըտին իրենց տուները։ Մէկը կ’առաջարկէ ֆետայիներուն որ գիւղին մէջ ապաստանին։ Գալէն կ’ըսէ. «Ոչ, վստահութիւն չկայ. կին, երեխայ մեզի տեսան. եթէ թուրքերը ձեզ ծեծեն, մեր տեղը մատնող կրնայ ըլլալ»։

Ռուբէն կ’ըսէ. «Մեզի մէկ ճամբայ կայ միայն, կռուինք»։ Գալէն կ’ըսէ. «Չէ, կը կռուինք կը սպաննուինք, գիւղն ալ կ’աւերուի. մենք դեռ պիտի ապրինք»։ Այնպէս հաւատքով կ’ըսէ «պիտի ապրինք», որ Ռուբէն, ինք որ ֆետայիներու պետն էր, կ’ըսէ. «Լաւ, կարգադրէ, դո՛ւն ես խմբապետը իսկ ես քու զինուորը»։

Գալէն կը հրամայէ զինաթափուիլ։ Զէնքերը կը յանձնեն գիւղացիի մը, որ տանի պահէ Մուրատ գետի ափին, ճիշդ գետի կղզիին դիմաց։ Գալէ եւ Ռուբէն կ’ուղղուին դէպի դաշտին մէջ արածող կովերն ու ոչխարները։

Զօրքը գիւղ հասած է արդէն, ֆետայիներն ալ նախիրին մօտ են։ Գալէ հովիւին կը պատուիրէ հագուստները փոխանակել եւ կ’ըսէ. «Հիմա, հովիւը ես եմ, դուն Գալէն ես. ձայն չհանես, լեզուդ կը կտրեմ»։ Հովիւը կ’երթայ։

Տասը ձիաւոր զօրք կը մօտենան։ «Հէ՜յ շան որդիներ, հոս եկէք» կը կանչէ սպան։ «Դուն մի գար», կ’ըսէ Գալէ Ռուբէնին եւ ինք կ’երթայ դէպի սպան, կը բռնէ անոր ձիուն սանձէն եւ կը սկսի աղուոր, աղուոր խօսիլ։

«Հէյ, հայվա՛ն» կը կանչէ Գալէ Ռուբէնին, «գնա՛ գիւղէն աղ բեր», եւ կամաց մը կ’ըսէ «ալ չդառնաս»։ Ռուբէն կը մտնէ առուի մը մէջ եւ կը պատսպարուի։ Մինչ այդ զօրքը գիւղը կը խուզարկէ։

Գալէն կով մը կը մորթէ եւ զինուորներուն պայուսակները կը լեցնէ միսով։ Խորովածի երազով եւ Գալէի լեզուով զինուորները կը կուրնան եւ իրենց առջեւ կեցած երկու նշանաւոր ֆետայիները չեն հարցաքններ։

փողը կը հնչէ, զօրքը գիւղին մէջ կը հաւաքուի։ Գալէն, հովիւի գաւազանը ձեռքը, Ռուբէնին կը հրամայէ «նախիրդ քշէ դէպի գետափ»։

Կը հասնին գետեզերք, կը գտնեն իրենց զէնքերը եւ գետը անցնելով, կը պաշտպանուին կղզիին մէջ։ Հեռատես Գալէն հետը միս բերած էր, որ հում-հում կ’ուտեն, առանց աղի. Գալէ կ’ըսէ. «Մեղքը քուկդ է. աղը դուն պիտի բերէիր»։ Կը խնդան եւ թարմ միսը ախորժակով կը լափեն։

Շէյխլանի գիւղացիները չէին գիտեր թէ ո՞ւր գացած են ֆետայիները. հետեւաբար զօրքը զիրենք նեղել չէր կրնար։

Այս դէպքի մասին առասպելներ պատմուեցան, իսկ համեստ Գալէն բերանը չէր բանար եւ որեւէ բան չէր պատմեր, հակառակ որ այդ օրը իր հնարամտութեամբ խաղի բերած էր հարիւրաւոր զօրք հաշուող թրքական բանակը։

Խելացութեան եւ հնարամտութեան շնորհիւ, ֆետային կը յաջողէր սպրդիլ թրքական զօրքին մէջէն եւ ապրիլ, շարունակելու համար Կազմակերպութեան գործը, միշտ գիտակցելով որ անկարելիութեան պարագային պիտի կռուի եւ պատիւով մեռնի։

«Վազրիկ» Յունիս 2016

ARF BADANI բջիջային ծրագիր

appposter