Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նպատակն էր թրքականբռնատիրութեան տակ գերի դարձած ու տառապող հայ ժողովուրդին մէջ արթնցնել ազգային արժանապատուութիւնը։ Ան միջոցներ կը ստեղծէր որ ժողովուրդը միտքով եւ հոգիով պատրաստուի եւ կազմակերպուի մինչեւ որ հասնի համաժողովրդային ընդհանուր ապստամբութեան օրը։

Դաշնակցական ֆետային եւ գործիչը կը մտնէին ժողովուրդին մէջ։ Անոնք, մէկ կողմէն, զէնքով կը պաշտպանէին ժողովուրդը թուրքին եւ քիւրտին դէմ, միւս կողմէն իրենց անձնական օրինակով եւ խօսքով, ժողովուրդը կը դաստիարակէին։ Անոնք ուսուցիչներ էին։

Բայց, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը հասկցած էր որ 600 տարուան արդիւնք եղող ստրկութիւնը հայ ժողովուրդին մէջէն վերցնելու համար, պէտք էր նախ մօտէն ծանօթանալ ժողովուրդին, յարգել անոր սովորութիւնները, ապրիլ անոր նման հաւասարէ հաւասար, որպէսզի սխալ քայլերով չվնասուի հայութիւնը եւ Կազմակերպութիւնը։ Անոնք աշակերտներ էին։

Դաշնակցութիւնը գիտէր որ թշնամիին դէմ ուղղակի պայքարի կողքին, անհրաժեշտ է նաեւ որ ճանչնաս քու ժողովուրդդ եւ ընդունիս անոր կեանքի իրական պայմանները, որպէսզի քու օրինակովդ եւ գործովդ փոխես անոր վիճակը եւ ժողովուրդը տանիս դէպի ազգային ազատագրութիւն։

Հայ ժողովուրդին համար աւանդական սովորութիւն էր ամէն ձեւով յարգել ճամբայէն անցնող յոգնած հիւրը։ Հայ գիւղացիին տունը եւ սեղանը բաց էին անցնորդին առջեւ. հետեւաբար ֆետային պէտք էր որ յարգէր այդ ազնուական սովորութիւնը, որ երկու հազար տարուան պատմութիւն ունէր։

Ֆետային, որ մէկ գիւղը կամ տունը որ իջնէր, անպայման կը հիւրասիրուէր։ Տանտէրը կը լուար անոր հագուստները, կը կարկտէր պատռուած տեղերը եւ հաց կու տար. եթէ տանտէրը նիւթապէս չկարենար այս ամէնը ընել, գիւղը իրեն օգնութեան կը հասնէր։ Այսպէս, ֆետային կը հանգստանար եւ կ’ուտէր հայ գիւղացիին մօտ։

Բայս, դաշնակցականը ունէր գաղափարական եւ բարոյական իր սկզբունքները, որ կ’ըսէին՝

Ֆետային պէտք է ուտէր այն ինչ որ իրեն կը հրամցնէին. ան գիւղացիէն աւելի լաւ պիտի չապրէր։

Ֆետային ստեղծուած էր խեղճին համար։ Ան պիտի իջնէր աղքատ գիւղացիին տունը եւ ուտէր անոր միակ ունեցածը՝ չոր կըլկըլը։ Ֆետային տանջուածին համար էր. ուրեմն զրկանքի ենթարկուելով, ան պիտի փաստէր իր ֆետայութիւնը։

Այն ֆետային, որ գիւղացիին կը պարտադրէր իրեն համար մասնաւոր կերակուր պատրաստել, ֆետայի չէր այլ աւազակ։ Ան կը պատժուէր գնդակահարութեամբ, աքսորով կամ զինաթափ ըլլալով։

Այս ձեւով, ֆետային կ’ապրէր իբրեւ ժողովուրդի հարազատ զաւակը եւ հաւասար ամենէն խեղճ հայուն։ Իր օրինակով, ան ժողովուրդը կը վարժեցնէր զոհաբերութեան, կարգապահութեան եւ իրարօգնութեան։

Այս կեանքը անշուշտ որ հաճելի չէր. երբեմն կարգ մը ֆետայիներ կը մտածէին թէ անկախ ըլլալու եւ իրենց ուզածին պէս ապրելու համար, պէտք էր ամէն ինչ գնել իրենց դրամով։

Զաւէնը Ղարաբաղէն իբրեւ գործիչ Մուշ եկած անձնազոհ եւ գաղափարական երիտասարդ մըն էր։ Բայց ան կը բողոքէր.

«Եղբայր, այս կըլկըլը ձիուն առջեւ նետես չ’ուտեր, չեմ կրնար ուտել, պիտի ճաթիմ»։ փորձառու ֆետայիները վրան կը խնդային ու կ’ըսէին. «Կը կակուղնաս, կ’ուտես»։

Օր մը, Ալիջան գիւղին մէջ, Զաւէն կը տկարանայ եւ դրամ տալով, ցորենի հաց կը գնէ։ Գիւղացի Յարութը դրամը կ’առնէ, հացը կը բերէ, բայց գիւղին մէջ ամէն կողմէ դժգոհութեան եւ բողոքի ձայներ կը բարձրանան. «Մեր հիւրասիրութեան վրան կը խնդայ, մեզի կարեւորութիւն չի տար, մեր վիճակը չի ուզէր բաժնել» կ’ըսեն գիւղացիները եւ երկու ոսկին կը բերեն կը նետեն ֆետայիներու պետին՝ Ռուբէնի առջեւ։

Ռուբէն գիւղացիներուն կը բացատրէ թէ Զաւէն նոր եկած է Երկիր եւ սովորութիւններուն ծանօթ չէ, իսկ Զաւէնէն կը պահանջէ իր ունեցած ամբողջ դրամը։ Զաւէն անմիջապէս կը յանձնէ իր ունեցածը, որ կը բաժնեն գիւղի մարտական խումբին փամփուշտ գնելու համար։

Գրպանը պարապ՝ անուշիկ Զաւէնը կ’ըսէ. «Այս փորձանքէն ալ ազատուեցայ. զարմանալի է, չտեսնուած բան է որ տեղ կայ ուր դրամը փորձանք կը բերէ»։

Դերենիկը, Կովկասէն աշխատելու եւ զոհուելու համար Երկիր եկած կարող ընկեր մըն էր։ Օր մը, Պաղլու գիւղը կ’երթայ։ Գիւղին մօտ կար ծառ մը, որ գիւղացիները կը պաշտէին իբրեւ «Սուրբ Ծառ»։

Դերենիկ, ծառին քովէն անցած ատեն, կը տեսնէ որ իր հետ քալող գիւղացիները գլխարկնին կը վերցնեն եւ խաչ կը հանեն։ Այդ վայրկեանին, թռչուն մը կը թառի ծառին վրայ. Դերենիկը կ’ըսէ. «Տեսէք, ձեր սուրբը ծառին թառած է», հրացանը կը կրակէ եւ վար կը գլորէ թռչունը։

Այս անմեղ արարքը սուղ կը նստի Դերենիկին վրայ։ Գիւղացիները կ’ըսեն. «Անաստուած է այս օտարականը, այսպիսիները ոչ միայն անարժան են ֆետային կոչուելու, այլ թուրքէն ալ գէշ են» եւ Դերենիկը մինակ կը ձգեն։

Այս դէպքին պատճառով, հայ գիւղացին սխալ եւ վնասակար եզրակացութիւններ կը հասնէր. պէտք էր որ ֆետայիները հակառակը փաստէին։

Բոլոր ֆետայիները կ’երթան Սուրբ Կարապետ վանքի մատուռը, որ Պաղլու գիւղին մօտ էր։ Գիւղացիներն ալ կու գան։ Պատարագ կը կատարուի եւ ֆետայիները, նաեւ Դերենիկը, հաղորդութիւն կ’առնեն։ Գիւղացիները կը զարմանան տեսնելով որ ֆետային եկեղեցին եւ կրօնքը կը յարգէ։

Վարդապետը եւ Ռուբէն կը խօսին գիւղացիներուն եւ կը թելադրեն պաշտել իրական աստուածները եւ ոչ թէ ծառերը։ Ռուբէնի հրամանով, ծառը կը կտրեն։ Այս ձեւով կ’արդարանայ Դերենիկը եւ կը վերնայ այն կասկածը թէ ֆետայիները անաստուած են։

Ժողովուրդին մէջ եւ անոր հետ ապրելու այս ձեւը, Դաշնակցականին կու տային ժողովուրդը դաստիրակելու միջոցները, ֆետային եւ գործիչը կը յաջողէին կազմակերպել ինքնապաշտպանութեան եւ ապագայ ապստամբութեան գործը։

«Վազրիկ» Յունիս 2016

ARF BADANI բջիջային ծրագիր

appposter