1890 թուականին, հայ ժողովուրդը եւ Հայաստանը թրքական լուծէն ազատելու համար Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը անցաւ գործի։ Ան գործեց զինուորական եւ ոստիկանութեան շատ խիստ եւ անխիղճ հետապնդումի տակ, լաւ գիտնալով որ Յեղափոխութիւնը կը պահանջէ գաղափարի զոհեր, որ աւելի ուժեղանայ եւ տարածուի։

 

Թուրքէն եւ քիւրտէն զատ, Դաշնակցական գործիչը եւ ֆետային երբեմն իրենց դէմ կը գտնէին ստրկամիտ եւ վախկոտ հայեր, որ կը նախընտրէին կենդանիի նման ապրիլ թուրքին եւ քիւրտին ձեռքին տակ։ Կային նաեւ հայեր, որ մատնութիւն կ’ընէին, թշնամիին հետ կը գործակցէին եւ կը դառնային ազգին դաւաճան։

Բայց, Գործը աւելի կարեւոր էր քան յեղափոխականին հանգիստն ու կեանքը։ Հետեւաբար ամենէն քաջ եւ ամենէն կարող ֆետայիները կ’երթային աշխատելու ամենէն դժուար եւ վտանգաւոր պայմաններուն մէջ, գիտնալով որ կ’երթան դէպի մահ, բայց համոզուած որ առանց գիտակից զոհաբերութեան օրինակի, չկայ յեղափոխական ժողովուրդ եւ չկայ ազատագրութեան պայքար։

Այս ֆետայի-գործիչներէն էր Մուշի շրջանէն, Աւրանցի Արամը։ Պատանի տարիքէն մարտական խումբի մէջ, կոմիտէի անդամ, տեռորներ կատարած, 1904ին Սասունի ապստամբութեան մասնակցած եւ Մշոյ Դաշտի գրեթէ բոլորկռիւներուն իր բաժինը բերած, 33 տարեկան քաջ եւ համեստ երիտասարդ մըն էր Արամ։

Արամը աչքի զարնող ճարպիկութիւն ցոյց տուած էր Ղարսի եւ Դերիկի  կռիւներուն, բայց անոր գլխաւոր արժանիքը իր քաջութենէն աւելի, ժողովուրդին կողմէ սիրուած ըլլալն էր։ Ան հայ ժողովուրդին հետ վարուիլ գիտցող գործիչ էր։

1906 թուականին, Գէորգ Չաւուշ եւ Ռուբէն կ’որոշեն Արամը ղրկել Պուլանըխի եւ Մանազկերտի տկար եւ քայքայուած շրջաններու հայկական գիւղերը կազմակերպելու եւ այնտեղ յեղափոխութեան գաղափարը տարածելու համար։

Այս շրջանները ֆետայիին համար կը նշանակէին մահ։ Հայերը յուսահատ եւ ստրկացած էին, ամէն կողմ դաւաճան կար։ Հայկական գիւղերուն մէջ տեղաւորուած էին քրտական աշիրեթներ, որ թշնամի էին Յեղափոխութեան։

Արամ գիտէր այս բոլորը։ Ան կ’ըսէր իր ընկերներուն. «Ձեզմէ բաժնուիլը դժուար է, բայց ազգին համար մատաղ մը պէտք է, եթէ դուք ինձ յարմար կը նկատէք այդ նպատակին, այդ մէկը փառք է ինծի համար, արդեօք այդ պուլանըխի հայերը իմ արեանս վրէժը կրնա՞ն լուծել. բայց ո՞վ գիտէ, Սուրբ Կարապետի վարպետութիւնը մեծ է, թերեւս գլուխս ազատեմ»։

Արամ կ’երթար գիտակից զոհաբերութեան ճամբով։

Ան կը հասնի Պուլանըխ։ Մի քանի շաբաթ վերջ, հազիւ թէ իր կազմակերպական գործին սկսած, կը պատահի դէպքը։

Արամ, երկու գիւղացի կռուողներու հետ, կ’երթայ Շիրվանշեխ գիւղը եւ կ’իջնէ կռուողներէն մէկուն՝ Հունոյի հօրը՝ գիւղի տէրտէրին տունը։ Ֆետայիին հասնելուն լուրը նոյն օրն իսկ կը տարածուի։ Համիտիէ քիւրտեր եւ թրքական զօրքը կը պաշարեն տէրտէրին տունը։ Ոչ մէկը կ’ուզէ կռուիլ, Արամ կը մնայ մինակ։

Մուշի ֆետային իր կեանքը չէր խնայեր, եթէ նոյնիսկ երկինքէն կրակ իջնէր. ֆետայիին նամուսը աւելի արժէք ունէր քան իր կեանքը։ Արամ դուրս կ’ելլէ դէպի բակ, այնտեղ կը հանդիպի զինուորներու, կը կրակէ եւ անմիջապէս երեք զինուոր կը սպաննէ. մնացեալ զինուորները կը փախչին դուրս։ Արամ կ’ուզէ դուրս ելլել, որ գիւղէն հեռանայ. կը տեսնէ որ տանիքներուն վրայ կեցած քիւրտեր եւ հայեր կը դիտեն եւ իր վրայ կրակ կը բանան։ Ճամբայ բանալու համար, Արամ կը յարձակի տասնոցը կրակելով. երկու հոգի կը վիրաւորէ, բայց ինքն ալ կը վիրաւորուի ոտքէն։

Ան կը վերադառնայ տուն եւ կը հրամայէ Հունոյի եւ անոր ընկերոջ որկռուին. տէրտէրը անոնց առջեւը կ’ելլէ եւ կը խնդրէ խղճալ իր ընտանիքին. Հունոն զինաթափ կ’ըլլայ, իր ընկերն ալ նոյնը կ’ընէ եւ դուրս ելլելով, կը յանձնուին զօրքին։

Վիրաւոր Արամը կը մնայ մինակ, բայց ոչ մէկը կը համարձակի անոր մօտենալ։ Ան կը պոռայ թէ պիտի կռուի մինչեւ վերջին փամփուշտը, մինչեւ որ մեռնի, մինչեւ որ այդ անիծեալ տունը իր գլխուն փլի։

Տէրտէրը կը փորձէ Արամին մօտենալ, բայց թիկունքէն գնդակ մը կ’ուտէ եւ սարսափահար կը փախչի։ Զօրքէն սպայ մը կու գայ եւ կ’ըսէ. «Արամ, օղլում, դուն հերոս ես, մենք քեզ պիտի չսպաննենք, անձնատուր եղիր, ինչո՞ւ անպայման մահը կը փնտռես»։ Արամ կ’ըսէ. «Նամուսը աւելի բարձր է քան թէ անդամալոյծ մէկ անպէտք կեանք» եւ կը կրակէ սպային վրայ, բայց գնդակը կը վրիպի սպայի կուրծքէն։ Արամի ձեռքէն կ’առնեն իր հրացանը. Արամ կը քաշէ իր ատրճանակը եւ այս անգամ փողը կ’ուղղէ ինքն իր վրայ եւ երկու գնդակ կը պարպէ, մէկը կողին, միւսը ձախ թեւին։ Ատրճանակը ձեռքէն կ’առնեն, կիսամեռ Արամը կը մարի եւ կ’իյնայ գետին։

Այս մինակ մարդուն հերոսութիւնը մարած էր արդէն զօրքի եւ քիւրտերուն կռիւի կիրքը. անոնք չեն սպաններ վիրաւորը։ Արամ, երբ ուշքի կու գայ, անմիջապէս կը խնդրէ որ զինքը, տէրտէրը եւ իր տղան սպաննեն։ Անշուշտ թուրք սպան այս խնդրանքը չի կատարեր։ Արամը կ’առողջացնեն եւ քանի մը շաբաթ ետք խիստ հսկողութեան տակ կը տանին Մուշի բանտը։

Արամ կը դատապարտուի մահուան եւ 101 տարուայ բանտարկութեան։

Կարճ տեւեց Արամի ճամբորդութիւնը. ան ժամանակ չունեցաւ իր գործը կատարելու, բայց իր հերոսական կեցուածքով պատկառանքի եւ համակրանքի հիմքը դրաւ թէ՛ հայերու եւ թէ օտարներու մօտ։

Արամ ինքը չէր զգար իր մեծութիւնը եւ բանտէն, նամակ կը գրէր. «Սիրելիներ, ես բանտն եմ եւ դժբախտաբար ողջ եմ, ես ֆետայիներու օրէնքին չդաւաճանեցի, ինծի դաւաճանեցին ինծի ընկերակցողները, երանի մինակ ըլլայի կամ ուզած ֆետայիներս հետս ըլլային, գրեցէք ինծի եւ ըսէ՛ք դաւաճա՞ն եմ թէ ոչ»։

Բանտի եւ դուրսի ընկերները կը պատասխանեն թէ ինք կանգնած է բարոյական բարձրութեան վրայ, իր ողջ մնալը անպատուութիւն չէ, թէ այդ ձեւով գերի իյնալը պատիւ է։

Արամ կը հանգստանայ, բայց չի ներեր։ Իրեն ընկերակցող երկու գիւղացի կռուողները եւ տէրտէրը, որ բանտն էին, իրարու ետեւէ կը մեռնին։ Ամէն մարդ կ’ըսէ թէ Աստուած պատժած է այդ թուլամորթ հայերը. մինչդեռ Արամը եւ զինուոր Գրիգորը զանոնք պատժած էին, թոյն խմցնելով։

Աւրանցի Արամի համար գիտակից զոհաբերութիւնը պայման էր Ազգի եւ Հայրենիքի փրկութեան համար, իսկ ֆետայիի նամուսը՝ սրբութիւն էր։

«Վազրիկ» Յունիս 2016

ARF BADANI բջիջային ծրագիր

appposter