1905 թուականին անակնկալօրէն Պաքուի մէջ բռնկեցան հայ-թաթարական ընդհարումները, որոնք դժբախտաբար Պաքուի մէջ չսահմանափակուեցան, այլ անմիջապէս տարածուեցան Անդրկովկասի բոլոր վայրերը։ Այդ ընդհարումները, որոնք երկու տարի շարունակուեցան մեծ դաժանութեամբ, ոչ միայն իրենց ազդեցութիւնը ձգեցին իրարու դէմ կռուող երկու ժողովուրդներու փոխ-յարաբերութիւններուն վրայ, այլեւ մեծ դեր ունեցան ամբողջ Անդրկովկասի քաղաքական կեանքին վրայ եւ ձեւակերպեցին Կովկասեան երեք ժողովուրդներու՝ հայերու, թաթարներու եւ վրացիներու փոխ-յարաբերութիւնները։

Տնտեսական, քաղաքական, մշակութային, կրօնական պատճառներու հիւսուածքով մըն է, որ ծագեցաւ այդ պատերազմը մինչ այդ ընդհանրապէս հաշտ ու խաղաղ ապրող երկու դրացի ժողովուրդներու միջեւ։ Անդրկովկասի թրքութեան վերին ու վարիչ տարրը - խաներ, բէկեր, աղալատներ - կը պահէր իր վաղեմի առանձնաշնորհումները, կը տիրէր Ռուսահայաստանի շատ մը արգաւանդ, լայնածաւալ հողերուն եւ դարերէ ի վեր վարժուած էր տեսնել հայ ժողովուրդը խոնարհ ու երկչոտ հպատակի, ճորտի վիճակին մէջ։ Իսկ երբ հայութիւնը սկսաւ սրարշաւ յառաջդիմութիւն արձանագրել համակովկասեան հրապարակին վրայ ազգայնապէս կազմակերպուելու մեծ ջանքեր ցուցադրեց, որոշ ազդեցութիւն ունեցաւ Կովկասի քաղաքական եւ տնտեսական կեանքի զարգացման վրայ եւ 1870-1880ական թուականներէն սկսեալ դարձաւ Կովկասի կեանքի գլխաւոր ազդակը, զանազան ասպարէզներու մէջ, այս բոլորին խէթ ու նախանձոտ աչքով դիտեց այդ վարիչ տարրը. թէեւ բախումներ չկային երկու դրացի ցեղերու միջեւ, բայց խոր հակամարտութիւնը ակներեւ էր։

Հայերու այս բարեկեցիկ դրութիւնը վնասակար կը նկատուէր նաեւ այն ժամանակուան ցարական կառավարութեան շահերուն եւ այդ իսկ պատճառով ցարական կառավարութիւնը մեծ ուշադրութեամբ կը զբաղէր հայերով, նպատակ ունենալով ամէն կերպ խոչընդոտ հանդիսանալ հայութեան քաղաքական եւ տնտեսական զարգացման ընթացքին։

Հայ տարրի հանդէպ թաթարներու յաճախ նախանձոտ ատելութիւնը աւելի շեշտուած էր Պաքուի մէջ, ուր կեդրոնացած էր թաթարական ընտրանին, ազդեցիկ կղերը, մոլեռանդ եւ հայատեաց, համիսլամական շունչով վարակուած թարմ մտաւորականութիւնը, եւ այս զանգուածն էր որ իր ձեռքին տակ կը պահէր անդրկովկասեան շուրջ 2,5 միլիոն թրքութեան ղեկը։ Անոնք չէին հանդուրժեր հայերու ներկայութիւնը այդ նաւթաշխարհին մէջ, որոնք, շնորհիւ իրենց նախաձեռնութեան ոգիին, առեւտրական արտակարգ կարողութիւններուն, արագաքայլ յառաջդիմեցին ու բարձրացան եւ ընդամէնը երեսուն տարուան ընթացքին դիզեցին պատկառելի հարստութիւն եւ ամէն տեսակ մասնագէտներով լեցնելով Պաքուն՝ տէր դարձան փայլուն, առաջնակարգ պաշտօններու, զանազան հիմնարկութիւններու մէջ։

Ահա այս հանգամանքն էր, որ կը գրգռէր բնիկ տարրը, որ խիստ յետամնաց, մեծամասնութեամբ անգրագէտ, առեւտուրի անվարժ եւ զուրկ ամէն ձեռներէցութենէ, չէր կրնար մրցիլ հայերու դէմ, չէր ալ հանդուրժեր, որ անոնք փայլուն դիրքեր նուաճեն թաթարական հայրենիքին մէջ։

Ուրիշ ծանրակշիռ պարագայ մըն ալ կու գար աւելնալու այս բոլորին։ Թաթարներու աչքին հայը անհաշտ հակառակորդ մըն էր, որովհետեւ իրենց ցեղակից տաճիկ կայսրութեան դէմ կը կռուէր եւ անոնք ահաւոր վտանգ կը նշմարէին «հայկական կոմիտէներու», Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան մէջ, եւ գաղտնի կը տարածէին ամէն տեսակ առասպելներ՝ հայկական դատերու եւ հայերու յարձակողական ծրագիրներու մասին ու կը գրգռէին թուրք խուժանը հայերու դէմ։

Եւ անզօր՝ մշակութային օրինաւոր պայքար մղելու հայ տարրի դէմ, անոնք որդեգրեցին Պոլսոյ իրենց ցեղակիցներու սիրած ձեւը.- հակառակորդի ֆիզիքական բնաջնջումը։ Այս նպատակով գրգռեցին ու զինեցին Բագուի թուրք ազգաբնակչութիւնը։

Ռուսական ոստիկանութիւնը ինք կը հայթայթէր զէնքեր։ Գրգռեցին անգիտակից զանգուածին մէջ թալանի եւ սպանութեան ախորժակները եւ այն համոզումը յառաջացուցին թէ կարող են անպատիժ կոտորել ու կողոպտել հայերը։ Թաթար կղերն ալ իր կարգին կը հրահրէր ամբոխի կրօնական մոլեռանդութիւնը՝ սրբազան պատերազմի կարգախօսով, հաւաստիացնելով բոլորին, որ իբր թէ հայ կոմիտէները կռիւ յայտարարած են իսլամութեան դէմ եւ մտադիր են օդը հանել մզկիթները։

Երբ տրամադրութիւնը ստեղծուած է, պատրաստ է բռնկելու, պատրուակները չեն պակսիր։ 1905ի Փետրուարի առաջին օրերուն երբ ռուսական զինուորներու գունդ մը դատարանէն բանտ կը տանէր թուրք նշանաւոր հրոսակապետ մը՝ Աշուրթէկով, ան կը փորձէ փախչիլ եւ երբ պահակագունդէն կը սկսին վրան կրակել, այնպէս կը պատահի որ հայ զինուորի մը գնդակով կը մահանայ աւազակը։ Մի քանի օր ետք թաթար մը կը փորձէ սպաննել հայ զինուորը բայց չի յաջողիր այլ ինք կը սպաննուի։ Եւ այս կ’ըլլայ ազդանշանը արիւնոտ իրարանցումի։ Թուրքերը կը պտըտցնեն անոր դիակը թրքական թաղերուն մէջ հաւատ եւ վրէժ գոռալով հայերու դէմ եւ նոյն օրը երեկոյեան յանկարծ փողոց նետուելով կը սկսին աջ ու ձախ զարնել հայ անցորդները եւ ասոր դիմաց ոչ մէկ փորձ կ’ըլլայ իշխանութեան կողմէ՝ միջամտելու եւ դադրեցնելու արիւնահեղութիւնը։

Աղէտը բոլորովին անակնկալ էր. մեր ուժերը ցիր ու ցան էին եւ կռուող տարրերու մեծագոյն մասը կը գտնուէր շրջակայ վայրերու մէջ, ուրկէ ոստիկանութիւնը չէր ձգեր որ ոչ մէկ հայ քաղաք մտնէ։ Մեր զէնքի պահեստներն ալ կը գտնուէին թրքական թաղերուն մէջ, հետեւաբար զինուած խումբերու հրապարակ հանելը շատ մեծ խոչընդոտներու դիմաց կանգնած էր։ Սկիզբը, յուսալով որ աղէտը վաղանցուկ է, Հ.Յ.Դ. Բագուի մարմինը թռուցիկներ կը հրատարակէր եւ խաղաղութեան յորդորներ կ’ուղղէր բայց երբ մեր ընկերները համոզուեցան, որ կոտորածը սարքուած է բարձր իշխանութեան կողմէ, յանուն Դաշնակցութիւնը՝ սպառնագիր մը ուղղեցին նահանգապետ Նակաշիձէին, որուն մէջ կ’ըսուէր. «Պաշտպանեցէ՛ք ժողովուրդը, եթէ ոչ անձամբ պատասխանատու կը լինիք»։ Իսկ Նակաշիձէն, բոլորովին անտարբեր այս սպառնալիքին ինք կը ղեկավարէ թուրք հրոսակներու արշաւները հայ անզէն ժողովուրդին դէմ։ Ջարդարար խուժանը փողոցներու մէջ գտած հայերը կոտորելէ ետք առատ նաւթ կը սրսկէր ու կը վառէր բազմաթիւ բնակարաններ իրենց տէրերով միասին, կը թալանէր ամէն ինչ։ Այս վիճակը մօտ քառասուն ժամ տեւեց երբ այլեւս Դաշնակցութիւնը որոշեց բեմ նետուիլ իր տրամադրութեան տակ ունեցած փոքրաթիւ զէնքերով ու փամփուշտներով։ Նիկոլ Դուման եկաւ Պաքու հապշտապ կազմակերպեց ինքնապաշտպանութիւնը։ Իբրեւ օգնական ունէր՝ Մարտիրոս Չարուխեանը, Մկրտիչ Աղամուզեանը, Աբրահամ Գիւլխանդարեանը, Հմայեակ Ջամփոլատեանը եւ ուրիշներ։ Իր առաջին քայլերէն մէկը կ’ըլլայ չորս ընկերներով նետուիլ դէպի հեռաւոր թրքական թաղի ծայրը գտնուող Դաշնակցութեան գաղտնի պահեստը, բերել անկէ 10-12 հրացաններ ու անոնցմով հիմը դնել հայկական ինքնապաշտպանութեան։ Իրենց թանկագին աջակցութիւնը կը բերէին նաեւ ռուսական բանակի մի քանի հայ զինուորներ, պետական զօրանոցէն զէնք ու փամփուշտ հայթայթելով մեր խումբերուն։

Այսպէս, փոքրաթիւ զէնքերով ու կռուողներով կազմակերպուած ինքնապաշտպանութիւնը անմիջապէս եւ ուժգնօրէն կ’անդրադառնայ դէպքերու ընթացքին վրայ։ Մեր ռազմիկներու անվրէպ գնդակները միշտ ալ տեղ կը հասնէին, սարսափ, խուճապ ու փախուստ յառաջացնելով։ Ազդու հակահարուածով կարելի եղաւ ետ մղել թշնամին ու ահագին վնաս հասցնել անոր, ստիպելով որ հաշտութեան դիմէ շուտով։ Չորս օր տեւած ահռելի մղձաւանջը ի վերջոյ կը փարատի եւ երկու կողմէն կը հաշուեն իրենց կորուստները. հայերէն սպաննուած՝ 205 հոգի, վիրաւոր՝ 121, իսկ թուրքերէն սպաննուած՝ 111 հոգի եւ վիրաւոր՝128։

Անպատիժ չի մնար Նակաշիձէն ու մահուան դատապարտուելով կը զգետնուի Դրոյի կողմէ։

Բայց փոթորիկը կը վերսկսի, որովհետեւ հաշտութիւնը թաթարներու սրտով չէր։ . ամիս ետք Պաքուի մէջ կը վերսկսին հրդեհի ու ջարդի տեսարանները, աւելի մեծ ծաւալով. բայց Հ.Յ.Դաշնակցութեան շնորհիւ, հայութիւնը պատուով դուրս կու գայ այս դիւային փորձութիւններէն, անհաւասար ու արիւնալի բախումներէ ետք։

«Վազրիկ» Յունիս 2016

ARF BADANI բջիջային ծրագիր

appposter