Օսմանեան լուծի տակ տառապող հայոց «երկիրը» ենթակայ էր ամէնօրեայ թալանի, կողոպուտի ու ճնշումի. իր իսկ հողին վրայ, իր իսկ աշխատանքով կերտուած հայու տունն ու ընտանիքը կը յափշտակէին բռնի ուժով, անարդարօրէն։ Այս բոլորին դիմաց հայ գիւղացին վճռած էր այլեւս գլուխ չծռել. պէտք ունէր զէնքի ինքնապաշտպանութեան համար։ Բայց Երկրի մէջ զէնք ձեռք բերելը կը բախէր անյաղթահարելի դժուարութիւններու. նախ, շատ վտանգաւոր էր եւ ապա շատ սուղ։

Այդ պատճառով ալ, ժողովուրդի զինման գործը կապուած էր արտասահմանի եւ յատկապէս Կովկասի հայութեան հետ, ուր զէնք ձեռք ձգելը անհամեմատօրէն աւելի դիւրին էր եւ աժան։ Այդ պարագային սակայն կը դրուէր այն հարցը, թէ զինամթերքը ինչպէ՞ս փոխադրել «Երկիր»։ Այս նպատակին համար 1890էն սկսեալ կազմակերպուեցան զինամթերք փոխադրող խմբակներր (5-10 հոգի) «Երկիր» անցնելու համար. անոնք Արեւելեան Հայաստանէն, ուղղակի Ալաշկերտի կամ Բասենի վրայով, կ’երթային Տարօն, Սասուն կամ Ախլաթ։ Սակայն այս խմբակները վտանգաւոր ճամբաներու վրայ կը նկատուէին քիւրտ աւազակապետերու կողմէ եւ կռուի մէջ կը բռնուէին։ Այս ձեւով իրենց տարած ռազմանիւթը կռուի մէջ կը սպառէին եւ տեղ չէին հասներ. ոմանք կը բնաջնջուէին, ուրիշներ կը հասնէին «Երկիր» եւ սակայն առանց զինամթերքի։

Այս անպատեհութիւններուն առաջքը առնելու համար, Դաշնակցութիւնը ձեռնարկեց աւելի մեծաթիւ խումբեր կազմելու եւ ղրկելու գործին, անոնց համար կայան ընտրելով սահմանին մօտիկ վայրերը’ Բասեն կամ Թախթ։ Կովկասի հայ երիտասարդութեան իտեալն է հասնիլ Երկրի ժողովուրդին։ Այդ թեկնածուներէն կարելի էր բանակներ կազմել։ Բայց ո՛չ քաղաքական, ո՛չ ալ նիւթական կարելիութիւնները թոյլատու էին ատիկա ընելու։ Կ’ընդունէին միայն փորձառուները, զինուորական արուեստին ծանօթները, ուսում առածները եւ յեղափոխական զոհաբերումի ատակ տարրերը։ Այս ձեւով, 1903ի Սեպտեմբերին, Սասնոյ հայութեան զէնք եւ զինամթերք հասցնելու առաքելութեամբ, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կը կազմէ մեծաթիւ արշաւախումբ մը, ձիաւոր եւ հետեւակ երկու գունդերով։ Ձիաւոր գունդը կը գլխաւորէր Խանը, իսկ երկրորդը՝  Նեւրուզը։ Այս արշաւախումբը երկու յստակ նպատակներ ունէր.-

- Պարենաւորել երկու խումբերը առատ պաշարով (անոնց միացեալ թիւը կը հասնէր 150ի)    եւ այդ պաշարը հասցնել Սասուն՝ անոր պէտքերուն համար։

- Խումբերը լեցնել անձերով, որոնք Երկիր հասնելով՝ կրնան դառնալ տեղական զինուորական ղեկավարներ ու գործիչներ։

Նեւրուզի եւ Խանի 150 հոգինոց զինատար խումբը մինչեւ այդ ժամանակ Երկիր ղրկուած խումբերուն ամէնէն աւելի կատարելագործուածն էր ու քանակով ,  անգամ աւելի։ Բայց իր թերութիւնն այն էր, որ անխուսափելիօրէն պիտի նկատուէր սահմանապահներու, հովիւներու եւ քիւրտ ցեղերու կողմէ, որոնք զօրքին լուր կու տային եւ անհաւասար կռիւը անխուսափելի կը դառնար։ Մօտ 250  քիլոմեթր ճամբայ կար կտրելիք, ամբողջութեամբ բռնուած թշնամիէն։

Նեւրուզի եւ Խանի խումբերը առանց միջադէպի կ’անցնին ռուս-թուրք սահմանը, բայց սահմանէն շուրջ 20 քիլոմեթր խորութեան հասած կը նշմարուին ու առաւօտ կանուխէն կռուի կը բռնուին։ Իրենց վրայ յարձակողը սահմանապահ, կանոնաւոր թուրք զօրքն էր, « թապուրէ բաղկացած, որ ունէր 4 թնդանօթ եւ 300 սուր։ Թշնամին հաշուով, յամառօրէն եւ ծրագրուած՝ իր կրակը կը վատնէ եւ նեղը կը ձգէ ֆետայիները, որոնք իրենց հանդարտութիւնը կը պահեն, գետնին յարմարած՝ կը դիմադրեն եւ թշնամիին յարձակողները կը կասեցնեն։ Կէսօրէ ետք թնդանօթները կը սկսին գոռալ եւ գետինը կը հերկեն Նեւրուզի բռնած դիրքերու շուրջ։ Խումբէն ջաւախցի Շէկ Համոն, որ ռուս բանակի ծառայած էր եւ բաւական մասնագիտացած, կը խրատէր.-

- Տղե՛րք, ձեր ջանին մատաղ, բնաւ դարդ մի ընէք, ոչ մի պատասխան չտաք, կրակը թող դադրի։ Ձեզի հետեւեալ աշխատանքը կայ։ Որուն դիրքը խորունկ չէ գետնի մէջ, թող ճանկով, սուինով խորացնէ։ Որունը խորունկ է, թող գլուխը դուրս չհանէ, չշարժի։ Երբ սուլիչը փչեմ, այն ժամանակ մեր գործը կը բացուի։

Երկու ժամ թնդանօթները կը զարնեն դիրքերը, վեր կը բարձրացնեն հողը եւ իբր պատանք կը ծածկեն տղաքը։ Բայց տղաքը լուռ կը մնան, թէեւ կը շնչեն։ Թշնամին իր առջեւ գերեզմանոց կը կարծէ եւ փողեր հնչեցնելով, հրացանը ուսերուն առաջ կը շարժի։ Մերինները կը մտածեն՝ «ուզեն կամ չուզեն, թնդանօթները պիտի լռեն, երբ հետեւակը 100-200 քայլ մեր դիրքերուն հասնի։ Այն ատեն ահա մենք մեզի ցոյց կու տանք եւ համազարկով անոնց շարքերը կը նօսրացնենք»։ Եւ իսկապէս, երբ թշնամին 2օօ քայլ կը մօտենայ, նշանը կը տրուի եւ հայ տղոց համազարկերը կը դիմաւորեն զայն։ Մէկ թէ երկու ժամ օրհասական կռիւէ վերջ, թշնամին տղաներու գնդակներուն տակ յետ կը քաշուի, երբ արեւը ա՛լ իր վերջին վայրկեանը կ’ապրէր՝ կորսուելով լեռներուն ետեւ։

Ոգեւորութիւնը մեծ էր։ Ոմանք կ’ըսեն. «հետեւինք ու թնդանօթներ խլենք»։ Բայց գործէն հասկցող Շէկ Համոն կ’ըսէ. «Չէ, այսօրուան համար միասին մի երգ երգելու է։ Բոլորդ ալ երգեցէք»...

Կ’երգեն, հաշիւ կը տեսնեն, ո՞վ սպաննուած է, ո՞վ վիրաւոր ու անկարող շարժելու։ Եւ այդ օրը 4էն 1ը սպաննուած ու 3ը ողջ առողջ են, եւ իրենց պաշարը նոյն քանակով կը մնայ, եթէ սպաննուածներու եւ քանի մը վիրաւորներու պաշարը բաժնուի ողջերու վրայ։ Կը պատրաստուին ճամբան շարունակելու, բայց կ’անգիտանային որ մարդու մարմինը իր սահմանը ունի դիմադրականութեան, որ դեռ ճամբու սկիզբն էին եւ անընդհատ կռուելով՝ անհնար բան էր պատռել թշնամիին գիծը, մանաւանդ որ թշնամին թիւով առատ էր եւ իրենց հետքը բռնած ըլլալով, ամէն վայրկեան իրենց վրայ պիտի գար թարմ ուժերով։

Թերեւս Խանը կրնար իր ձիաւորներով իր հետքը կորսնցնել թշնամիէն, բայց ան ալ կաշկանդուած էր հետեւակով, զոր լքելու իրաւունք չունէր։

Երբ մութը կ’իյնայ, խումբը, բաժնուած մասերու, լուռ կը յառաջանայ ծրագրած ըլլալով միանալ Բասենի դաշտին մէջ ու այնտեղէն միասնաբար անցնիլ Մուշ ու Սասուն։ Չկային ճամբու փորձառու առաջնորդները, որովհետեւ նախորդ օրը սպաննուած էին։ Ամբողջ գիշերը Նեւրուզի խումբը կը քալէ, երկու անգամ Արաքսի պաղ ջուրը կ’անցնի ու միայն առտուան դէմ կը հասկնան որ նոյն, երէկուան տեղերու վրայ մնացեր են։

Անդին, Խանը իր հեծեալներով հասած էր ժամադրավայրը ուհեռադիտակը աչքին, կը սպասէր հետեւակին։ Բայց Նեւրուզի տղաքը չեն երեւիր, այլ թուրք զինուորներ, որ զիրենք պաշարած էին։ Խանը կը դիտէ զօրքը ու տեղէն չի շարժիր։ Ան կրնար հեռանալ, կռուէն խուսափիլ եւ խումբի մեծ մասը գոնէ փրկել, ազատել, որովհետեւ ձիաւոր էին։ Բայց կարելի չէր «Երկրի» դժուար ու անծանօթ անցքերուն մէջ՝ թշնամիին դէմ առանձին ձգել իր ընկերները, ուստի Խանը իր շուրջիններուն դառնալով կ’ըսէ. «Թող ըսեն, թէ Խանը այնքա՜ն անճարակ էր, որ ձին իր տակը շան սատակ եղաւ։ Բայց թող չըսեն թէ իր չոր գլուխը ազատելու համար՝ ան ընկերները թողեց հեռացաւ։ Ձիերը քաշեցէք եւ իրարու կապեցէք։ Մենք այս տեղէն հեռացող չենք»։ Ու անհաւասար կռիւը կը սկսի։

Նեւրուզի խումբն ալ, որ ամբողջ օր մը կռիւ տալէ ետք ամբողջ գիշեր մըն ալ անընդհատ լեռ ու ձոր ինկած էր, մինչեւ առտուան ժամը 11 աննկատ կը մնայ, բայց անկէ ետք դարձեալ կը պաշարուի թուրք զօրքին կողմէ ու կռուի կը բռնուի։

Ի՞նչ դրուագներ անցան այդ երկրորդ օրը, ոչ ոք հաստատապէս կրնայ ըսել։ Այդ օրուան եւ թերեւս անոր յաջորդող օրուան մասնակի կռուի ընթացքին բոլոր ղեկավարները սպաննուած են։ Երրորդ օրուան հոգեվարքի պայքարէն ետք ազատուածները հազիւ 10-12 հոգի էին, որոնք իրենք զիրենք ռուսական սահմանի այն կողմը ձգած էին։  Այս մօտ տասնեակ մը ազատուածները ոչ վախկոտներ էին, ոչ իրենց ղեկավարներն ու խումբը լքողներ եւ ոչ ալ իրենց գլուխները ազատողներ։ Իրենց ղեկավարները սպաննուած էին, խումբը ջարդուած էր, իրենք առանց հրամանի մնացած էին եւ բախտի բերումով, վիրաւոր կամ ողջ մնալով, առանձին առանձին, առանց իրարմէ լուր ունենալու ինկած էին          ռուսական սահմանին վրայ։ Անոնք բոլորն ալ նոյն բանը կ’ըսէին.

- «Անտեղեակ էինք թէ ճիշդ ո՞ւր կը գտնուէինք։ Հեռուն կռիւ կար Խանի վրայ։ Մեզի սաստիկ հրաման եղաւ մեր բռնած տեղը հաստատուն նստիլ, մեր  բռնած հողը չձգել մինչեւ որ մէկը 10 թշնամի չգլորէ, եւ գիշերը միայն նոր հրամանի սպասէ։ Գիշեր եղաւ, բոլորը սպաննուած էին։ Ես ինձ մինակ գտայ, մի ուղղութիւն բռնեցի եւ այստեղ դուրս եկայ»։

Այս բոլորը ապացոյց են երկու բանի, որ պէտք չէ մոռնալ։ Նախ՝ որ նահատակուելու ուխտը աւելի հզօր է մահուան վախէն կամ կեանքի սէրէն։ Նեւրուզի եւ Խանի խումբերը այդ ուխտը ունէին եւ ատոր համար ամէնքն ալ նահատակուեցան։ Երկրորդ՝ սխալ է այն կարծիքը, թէ մահը եւ կռուիդառնութիւնը ճաշակողը այլեւս չ’ուզեր անոնց հանդիպիլ։ Ընդհակառակն, կռուի եւ մահուան համը տեսնողը, նորէն ու նորէն կ’ուզէ այդ ճաշակել, եթէ անոր մէջ չէ մեռած իր ուխսը։

Այս ձեռնարկը Հ.Յ.Դաշնակցութեան առաջին եւ վերջին ամենախոշորձեռնարկը եղաւ Երկրին շօշափելի ոյժ հասցնելու առաջադրանքով։ Ճիշդ է որ թրքական աղբիւրներու հաստատումով, Բասենի հայ կռուողները մինչեւ մահկռուած էին եւ թուրքերէն խլած շուրջ800 զինուոր, բայց խումբերը իրենց նպատակին չհասած նահատակուած էին։ Ատկէ ետք որդեգրուեցաւ աւելի նպատակայարմար ձեւ մը ու զինամթերքի փոխադրութիւնը կատարուեցաւ մեծ մասամբ հայ գիւղացիներու եւ նաեւ քիւրտ շալակաւորներու միջոցով, որոնք ցորեն, սննդեղէն եւ ցախ հաւաքելիք սայլերու մէջ պահելով «ապրանքները» կը յաջողէին նուազագոյն կորուստով Երկրէն ներս «ծծել» մեծ քանակութեամբ ռազմամթերթ։

«Վազրիկ» Յունիս 2016

ARF BADANI բջիջային ծրագիր

appposter