1901 թուականի աշնան, հայ ժողովուրդի կացութիւնը ծանր էր ու անմխիթար։ Թրքական զօրքերը տեղաւորուած էին Մշոյ դաշտի բազմաթիւ գիւղերուն մէջ։ Տեղի կ’ունենային ամէն տեսակի բռնութիւններ։ Թուրք ու քիւրտ աւազակներ կը գործէին ազատ-համարձակ, մարդասպանութիւնը կը դառնար սովորական երեւոյթ։ Ոչ ոք վստահ էր, թէ յաջորդ օրը ողջ պիտի մնա՞ր՝ թէ ոչ։

Այսպիսի պայմաններու մէջ, մշեցի հին եւ փորձառու ֆետայի Կոտոյի Հաճիի կողմէ կը մշակուին բազմաթիւ յանդուգն ծրագիրներ։ Այդ ծրագիրներու շարքին կ’ըլլայ Առաքելոց վանքի գրաւման ծրագիրը։

Ծրագիրը հետեւեալն էր. դիտումնաւոր կերպով պաշարուիլ Առաքելոց վանքին մէջ եւ՝ պաշտպանուելով անոր բերդանման պարիսպներուն ետեւ, կռիւ մղել երկար ատեն։ Հաճին յոյս ունէր, որ վանքին մէջ պաշարուելով հայ ժողովուրդը պիտի սթափի եւ սիրտ առնելով ֆետայիներու կռիւներէն, դիմադրականութիւն ցոյց պիտի տայ։ Միաժամանակ, կարելի պիտի ըլլար Օսմանեան իշխանութիւններու եւ եւրոպական պետութիւններու ուշադրութիւնը հրաւիրել հայութեան պահանջներուն վրայ։

Հետեւաբար, 1901 Նոյեմբերի սկիզբը, 25 ֆետայիներ կ’իջնեն Սասունէն, Անդրանիկի եւ Գէորգ Չաւուշի առաջնորդութեամբ։ Մուշէն, քանի մը ընկերներով եւ զինամթերքով կու գայ Կոտոյի Հաճին։ Ցրօնքէն, վառօդով եւ ուտելիքներով, կը հասնի ֆետայիներու ուրիշ խումբ մը՝ Մուրատի, Էլոյի եւ Խուշոյի ղեկավարութեամբ։ Այսպէս, վանքին մէջ կը հաւաքուին մօտաւորապէս60 հայ մարտիկներ, ուտելիքի եւ զինամթերքի շօշափելի պաշարով։ Բացի ֆետայիներէն, վանքին մէջ կ’ըլլան միաբաններ ու 40-50ի չափ որբ երեխաներ։

 

Ֆետայիները վանքին դուռները կը փակեն, անոնց ետեւ քարեր կը շարեն ու դիրքերու կը բաժնուին։ Կռիւին ղեկավարութիւնը կը ստանձնեն Անդրանիկն ու Գէորգը։

Թուրք կառավարութիւնը կ’իմանայ հայ ֆետայիներուն վանքին մէջ կեդրոնացման մասին եւ անմիջապէս զօրք կ’ուղարկէ, դուրս քշելու համար զանոնք։ Սակայն, կառավարութեան համար դիւրին չէր վանքին գրաւումը, հետեւաբար ան Առաջնորդարանին միջոցաւ ֆետայիներուն կ’առաջարկէ «խաղաղութեամբ դուրս ելլել վանքէն»։ Իսկ եթէ անոնք որոշէին մնալ, գոնէ դուրս հանէին որբերը, որովհետեւ թուրք կառավարութիւնը վճռած էր ամէն գնով դուրս քշել «ըմբոստները»։ Բոլոր առաջարկներն ալ կը մերժուին։

Ֆերիք Մոհամմէտ Ալի փաշան կանոնաւոր պաշարման կ’ենթարկէ վանքը։ Ինք կը ստանձնէ զօրքին հրամանատարութիւնը։ Շուտով, շրջակայ հայկական գիւղերը եւ վանքի մօտակայ բլուրները կը լեցուին թուրք զինուորներով։ Կը շինուին յատուկ տնակներ, ձմրան ցուրտէն պաշտպանուելու համար։ 200-1000 քայլ հեռաւորութեան վրայ կը կազմուի զինուորական շղթայ մը եւ գիշեր ու ցերեկ վանքը կ’ենթարկուի յարձակման։ Երկու անգամ թուրք հրամանատարը ֆետայիներուն կ’առաջարկէ անձնատուր ըլլալ։

Վանքին պաշարման 11րդ օրը, թուրք ոստիկանապետեր, իրենց հետառնելով Մշոյ եւ Առաքելոց վանքերուն Առաջնորդները, կը փորձեն բանակցութեան մէջ մտնել ֆետայիներուն հետ։ Կառավարութիւնը կ’ուզէ վերջ տալ այն անախորժ կռիւին, պատրաստ ըլլալով նոյնիսկ որոշ զիջումներ կատարելու։ Ֆետայիները բացատրութիւն կու տան կառավարութեան եւ բանագնացներուն կը ներկայացնեն հետեւեալ պահանջները.-

ա.- Ազատ արձակել հայ քաղաքական բանտարկեալները։

բ.- Պատժել Սպաղանքը, Հեթինքը, Շուշնամերիկը եւ միւս գիւղերը աւերողներն ու կոտորողները, ինչպէս նաեւ հատուցում տալ վնասուած գիւղերուն։

գ.- Բարելաւել տուրքերու դրութիւնը։

դ.- Հատուցում վճարել Մշոյ դաշտի անմեղ զոհերու ընտանիքներուն եւ պատժել ոճրագործները։

Ֆետայիները կ’աւելցնեն, որ եթէ այս բոլոր պահանջները չկատարուին եւ յատուկ թուղթ մը չստորագրուի, իրենք վանքէն դուրս պիտի չգան։

Ութ օր ետք, ֆետայիներուն կը հասնին հեռագիրներ, որոնց մէջ դարձեալ կ’առաջարկուի անձնատուր ըլլալ, խոստանալով ներում եւ պահանջներու գոհացում։ Ֆետայիները կը հասկնան կառավարութեան խաղը, որ կը միտէր զիրենք խաբելու եւ ձերբակալելու։ Անոնք լուր կը ղրկեն կառավարութեան, թէ կ’ուզեն դարձեալ բանակցիլ։ Միաժամանակ, ծածուկ ձեւով, անոնք կը փնտռեն վանքէն դուրս գալու միջոցներ։

Ուրաղայ Արթին, որ հին ֆետայի մըն էր, երբ կը լսէ վանքին պաշարուիլը, իր հետ առնելով հինգ զինուորներ, թշնամի զօրքին օղակը կտրելով կը յաջողի առաջին եւ երկրորդ շղթաները անցնիլ աննկատելի կերպով։ Իսկ երբ վանքին հազիւ քանի մը հարիւր քայլ կը մնայ, ան կը նկատուի զօրքին կողմէ եւ բոլոր կողմերէն գնդակներու տարափ մը կը տեղայ վրան։ Գեալուցի Ղազարը կ’իյնայ վանքին դրան դիմաց, կիսամեռ վիճակի մէջ։ Արթինը, ծանր վիրաւորուած, մինչեւ դուռը կը հասնի, իսկ մնացեալ երեքը կը դիմադրեն եւ իրենց կանչերով պաշարուած ֆետայիներուն կը հասկցնեն իրենց ինքնութիւնը։ Վանքին դուռը կը բացուի եւ Արթին ու իր ընկերները ներս կ’առնուին։ Ղազար իսկոյն կը մահանայ, իսկ Արթին քանի մը շաբաթ կ’ապրի եւ ի վերջոյ կը մեռնի ազատելով թէ՛ ինքզինք եւ թէ ընկերները, որոնք չէին ուզեր վանքէն հեռանալ   առանց իրեն։ Վանքին մէկ անկիւնը զինք թաղելէ ետք, ֆետայիները, պաշարման 21րդ գիշերը, սաստիկ ձիւն ու բուքին, կ’որոշեն դուրս ելլել, խնդրելով վանքի միաբաններէն ու որբերէն՝ չհետեւիլ իրենց։

Նախքան իրենց դուրս գալը սակայն, անոնք կը հագուին սպիտակ շապիկներ։ Առաջ կ’իյնայ Գէորգ Չաւուշ, իսկ անոր կը հետեւին Կոտոյի Հաճին եւ միւսները։ Շուտով կը հանդիպին առաջին թուրք պահակին, որ վախէն լուռ կը մնայ։ Քիչ անց, կը հանդիպին թուրք զինուորներու այլ խումբի մը, որուն Գէորգը կը պատասխանէ, թէ ինք զօրքը կ’առաջնորդէ դէպի դիրքերը։

Բայց երբ ֆետայիները կը հանդիպին այլ պահակներու, անոնց խաղը կը բացայայտուի։ Թուրքերը «ֆետայիներ են» կանչելով կրակ կը բանան։ Բայց արդէն ուշ էր։ Ֆետայիները անցած էին բոլոր վտանգաւոր կէտերը եւ լեռներու ու քարերու պաշտպանութեան տակ էին։ Քամին եւ բուքը կը խանգարեն զօրքին հետապնդումը, իսկ ֆետայիները, անպատասխան ձգելով զօրքի համազարկերը, միշտ յառաջ կ’ընթանան ժայռերու եւ ձորերու մէջէն ու կը հասնին բարձր Կուրդիքի գլուխը։ Վանքէն նահանջի գործողութեան ընթացքին ֆետայիները կու տան զոհ մը։

Յաջորդ առաւօտուն, թուրք զօրքը յանկարծ կը տեսնէ, որ վանքինդուռները բաց են, իսկ ներսը ոեւէ ֆետայի չկայ։ Ֆերիք Մոհամմէտ Ալի փաշան հոն գտնելով միայն երեխաներ եւ վարդապետներ, ամօթահար կ’ըլլայ եւ իր հիացմունքը կը յայտնէ բուռ մը հայ ֆետայիներուն յանդգնութեան ու ճարպիկութեան։

20 օր տեւող կռիւներուն ընթացքին կը նահատակուին երեք ֆետայիներ, իսկ թուրքերը կու տան6-7 սպանեալ։ Տակաւին ցուրտէն անոնցմէ շատերը կը հիւանդանան եւ հետագային կը մեռնին։

Առաքելոց վանքի երեք շաբթուան դիմադրութիւնը իր մարտական սխրանքով թէ քարոզչական աղմուկով կը յաջողի իր վրայ սեւեռել Դուրան-Բարձրաւանդակի եւ ամբողջ երկրի հայութեան լարուած ուշադրութիւնը, սիրտ ներշնչելով անոր։ Յեղափոխականներու համար ասիկա մեծ յաղթանակ էր։ Ժողովուրդը դարձեալ կը սկսի երգել իր քաջերը եւ իր յոյսն ու հաւատքը նորէն կ’ուղղէ դէպի դիմադրութիւն եւ յեղափոխութիւն։

«Վազրիկ» Յունիս 2016

ARF BADANI բջիջային ծրագիր

appposter