Արմէն Գարօ, բուն անունով՝ Գարեգին Փաստրմաճեան, ծնած է 1872 փետրուար 9ին Կարին, բարեկեցիկ ընտանիքի մը մէջ։ 1891ին Կարնոյ Սանասարեան վարժարանը աւարտելէ ետք կը մեկնի Ֆրանսայի Նանսի քաղաքի համալսարանը, երկրագործութեան ճիւղին հետեւելու, որոշելով ապագային վերադառնալ եւ նուիրուիլ հայ գիւղացիի զարգացման եւ յառաջդիմութեան։

1896ին մուտք կը գործէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերը, եւ նոյն տարին իսկ իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ Պանք Օթոմանի գրաւումին, ուր Բաբգէն Սիւնիի նահատակութենէն ետք կը ստանձնէ ղեկավարի դեր եւ յաջողութեամբ գլուխ կը հանէ գործը։

Եւրոպա վերադառնալով կ’աւարտէ Ժընեւի համալսարանը ստանալով քիմիագիտութեան (տոքթորա) աստիճանը։ Ատեն մը Ամերիկա մնալէ ետք կ’անցնի Կովկաս ուր կարեւոր դեր կ’ունենայ եկեղեցական կալուածներու դէմ համաժողովրդական ըմբոստութեան կազմակերպումին մէջ։

1905ի հայ-թաթարական կռիւներու մէջ, իրեն կը յանձնուի Թիֆլիսի հայութեան ինքնապաշտպանութեան գործի ղեկավարութիւնը։ Օսմանեան Սահմանադրութենէն ետք կը վերադառնայ իր ծննդավայրը՝ Կարին, ուր կ’ընտրուի օսմանեան խորհրդարանի անդամ, եւ գործօն դեր կ’ունենայ Իթթիհատի եւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան միջեւ յարաբերութեանց մշակումին մէջ։ Առաջին աշխարհամարտին կ’անցնի Կովկաս եւ կը մասնակցի կամաւորական գունդերու կազմակերպման աշխատանքին եւ կովկասեան ճակատին կռիւներուն, իբրեւ կամաւորական Բ. գունդի հրամանատար Դրոյի օգնական եւ ապա անոր վիրաւորուելէն ետք իբրեւ հրամանատար։

1918ին Հայաստանի անկախութենէն ետք կ’ընտրուի անդամ՝ Փարիզի Ազգային Պատուիրակութեան, ապա կը նշանակուի Ուաշինկթընի մօտ անկախ Հայաստանի դեսպան։ Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք որոշ ատեն մը կը մնայ Ամերիկա, մեծ դերակատարութիւն ունենալով Ամերիկայի կուսակցական եւ ազգային կեանքի կազմակերպական աշխատանքներուն մէջ։ 1922ին ձգելով Ամերիկան կ’անցնի Ժընեւ, ուր կը մնայ մինչեւ իր մահը, 1923 Մարտ 23ին։

1905-1906ի հայ-թաթարական ընդհարումներու ընթացքին Արմէն Գարօ նշանակուած է Թիֆլիսի հայկական ուժերուն հրամանատար, եւ լաւապէս կազմակերպած՝ ինքնապաշտպանութեան գործը։ Օր մը վրացի բանագնացներ կու գան հայոց կեդրոնը եւ կը փորձեն համոզել զանոնք անձնատուր ըլլալու եւ հաշտուելու թուրքերուն հետ, յայտարարելով, թէ թուրքերը 14,000 կանոնաւոր զինեալ ուժերով պաշարած են քաղաքը, թէ հայերը իրենց 500 կռուողներով անկարող են պաշտպանելու քաղաքը պատճառ դառնալով անմեղ վրացիներու եւ հայերու անտեղի ջարդին, եւայլն...Այս յայտարարութիւնները կը յուսահատեցնեն ներկայ եղող կարգ մը ղեկավարները, որոնք ամէն կողմէ ճնշում կը բանեցնեն Ա.Գարոյի վրայ՝ ենթարկուելու եւ ընդունելու թուրքերու նուաստացուցիչ պայմանները։ Սակայն Արմէն Գարօ կտրուկ կերպով մերժելով կը յանդիմանէ իր ընկերները, որոնք հաւատալով վրացիներու սուտերուն, կ’ուզեն անձնատուր ըլլալ 5000 քոսոտ թուրքերու, եւ երդում կ’ընէ թէ հաշտութիւն կնքելու պարագային ինք անձամբ պիտի յարձակի թուրքերուն վրայ կռիւը վերսկսելու համար։

Այս յախուռն ու խիստ կեցուածքը իր ազդեցութիւնը կը գործէ եւ ներկաները կ’որոշեն մերժել անձնատուութեան եւ հաշտութեան առաջարկները, եւ ետ կ’ուղարկեն վրացի բանագնացները։ Եւ իսկապէս յաջորդ օրերուն երեւան կու գայ անոնց սուտը, եւ քանի մը օրուան յուսահատ կռիւէ ետք, թուրքերը իրենք հաշտութիւն կ’առաջարկեն։

Արմէն Գարոյի ազնուութիւնն ու ընկերասիրութիւնը երեւան կու գան կանուխ հասակէն։ Արդարեւ, երբ տակաւին Սանասարեան վարժարանի աշակերտ էր, օր մը ինք եւ իր ընկերը ատրճանակով մը խաղցած ատեն կը տեսնուին ուսուցիչի մը կողմէ։ Գարոն կը ստիպէ ընկերոջ փախչիլ եւ ինք առանձին կը ստանձնէ պատասխանատուութիւնը, որովհետեւ իր չքաւոր ընկերը խելացի աշակերտ մըն էր եւ այդ դէպքը կրնար պատճառ դառնալ անոր դպրոցէն աքսորումին։ Այսպէս, հակառակ խիստ պատիժներուն եւ դպրոցէն վտարուելու սպառնալիքին, Գարօ տեղի չի տար եւ չի մատներ իր ընկերը։ Ի վերջոյ, իր բոլոր ընկերներուն օժանդակութեան եւ իր յամառութեան շնորհիւ կը յաջողի ազատիլ պատիժներէն եւ փրկել իր ընկերը մինչեւ իսկ վտարում աչք առնելով։

Արմէն Գարոյի բարոյական վեհութեան եւ հայրենասիրութեան ցայտուն օրինակը կը հանդիսանայ նաեւ հետեւեալ դէպքը։ 1895ին, երբ ան Նանսիի մէջ ուսանող էր, տեղի կ’ունենան 1895-1896 հայկական ջարդերը եւ Զէյթունի հերոսական ապստամբութիւնը՝ թուրք բռնատիրութեան դէմ։ Երբ այս լուրերը կը հասնին Նանսի, Արմէն Գարօ եւ իրեն նման ուրիշ հայ ուսանողներ կը վրդովուին եւ յուզուած կը դիմեն Լոնտոն եւ Ժընեւ, հնչակեան եւ դաշնակցական կեդրոնները, որպէսզի զիրենք եւս ղրկեն Զէյթուն, կռուելու հայ ժողովուրդի կողքին։ Այս առթիւ, ան ընտանիքին կը գրէ յուզիչ նամակ մը, ուր կ’ըսէ թէ իրեն համար այլեւս անկարելի էր անտարբեր հանդիսատեսի դիրքին մէջ մնալ, երբ իր ազգին գոյութիւնը խնդրոյ առարկայ էր, ուստի ուսումը կը ձգէր վրէժխնդրութեան համար, եւ ներողութիւն կը խնդրէր այն ցաւին համար, որ իրենց պիտի պատճառէր։

Այսպէս, ան Նանսին ձգելով կը մեկնի Ժընեւ, ու կ’անդամակցի Հ.Յ.Դաշնակցութեան։ Նոյն տարին իսկ կը մեկնի Պոլիս, ուր արդէն կը ծրագրուէր Պանք Օթոմանի գրաւումը, իբրեւ բողոքի արտայայտութիւն, մեծ պետութեանց ուշադրութիւնը հրաւիրելու համար, հայոց դէմ եղած անիրաւութեանց եւ ջարդերուն վրայ։ Եռանդով կը նետուի գործին մէջ, իրեն պէս անձնուէր երիտասարդներուն կողքին, ինչպէս Բաբգէն Սիւնի եւ Հրաչ Թիրեաքեան։ Մեծ զգուշութեամբ եւ պաղարիւնութեամբ կը յաջողին մեծ քանակութեամբ ռումբեր եւ ուժանակ ամբարել դրամատան մօտակայ շէնքի մը մէջ, թուրք ոստիկանութեան եւ լրտեսներուն խիստ հսկողութեան տակ։ Վերջապէս, 1896 Օգոստոս 14ին, 31 հոգիով կը յարձակին Պանք Օթոմանի վրայ, ծրագրած ըլլալլով պատանդ բռնել դրամատան 150 եւրոպացի պաշտօնեաները, եւ դուրս չելլել մինչեւ որ իրենց արդար պահանջներուն գոհացում չտրուի, հակառակ պարագային սպառնալով պայթեցնել շէնքը, իր մէջ եղողներով։ Ձեռնարկին ղեկավարն էր Բաբգէն Սիւնի, իբրեւ օգնական ունենալով Արմէն Գարօ եւ Հրաչ Թիրեաքեան, սակայն յարձակումին առաջին իսկ վայրկեաններէն Բաբգէն Սիւնի կը նահատակուէր եւ Արմէն Գարօ հրամանատարութիւնը ստանձնելով կը յաջողէր յաջող կերպով ղեկավարել գործողութիւնը պատանդ բռնել պաշտօնեաները առանց մէկ հոգիի իսկ վնասելու, դէմ դնել թրքական բանակի անընդհատ յարձակումներու, 14 ժամ շարունակ, եւ ի վերջոյ բանակցութիւններ վարել եւրոպական մեծ պետութեանց դեսպաններուն ներկայացուցիչ Մաքսիմովի հետ, որմէ ետք հայ յեղափոխականները կը համաձայնին ձգել դրամատունը, իրենց պահանջներուն շուրջ երաշխիքներ ստանալէ ետք։

1914ի Առաջին աշխարհամարտին Արմէն Գարօ Կովկաս էր։ Հայ կամաւորական գունդերու կազմութեան շրջանին դարձեալ գործի վրայ է եռանդով ու նուիրուածութեամբ կը մասնակցի գունդերու կազմութեան աշխատանքին, եւ իբրեւ Բ. գունդի հրամանատար Դրոյի օգնական կը մեկնի ռազմաճակատ, մօտ ապագային յաղթական Կարին մտնելու յոյսով։ Դրոյի վիրաւորուելէն ետք ինք կը ստանձնէ գունդի հրամանատարութիւնը եւ Վան մտնող առաջիններէն մէկը կ’ըլլայ։ Սակայն 1915ի մեծ աղէտը ծանր տպաւորութիւն կը թողուր իր վրայ քայքայելով իր ջիղերը։ Երկար ատեն կը չարչարուի ջարդի տեսիլքներէ եւ յուսահատութեան կը մատնուի, սակայն ի վերջոյ ֆիզիքական աշխատանքի մէջ կը ջանայ խեղդել իր վիշտը, եւ ամիսներ շարունակ մշակներուն հետ կ’աշխատի, այգիի մէջ հող կը փորէ ու կը հերկէ։

Ատկէ ետք Արմէն Գարօ կը մեկնի Ամերիկա, այնտեղի կառավարութեան մօտ ի նպաստ հայերուն աշխատանք տանելու եւ Հայ Դատին անոր աջակցութիւնը ձեռք բերելու համար։ Ան անխոնջ կերպով աշխատելով յաջողեցաւ նիւթական հսկայական օժանդակութիւն հայթայթել հայ գաղթականներուն եւ հայկական բանակի կարիքներուն։ 1918ի անկախութենէն ետք ան պաշտօնապէս կը նշանակուի Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի դեսպան եւ իր ջանքերով Ամերիկա պաշտօնապէս կը ճանչնայ անկախ Հայաստանի հանրապետութիւնը։ Սակայն Հայաստանի խորհրդայնացումը կը խորտակէ իր բոլոր երազներն ու յոյսերը եւ ան կը դառնայ Սփիւռքի մէջ Մասիսի կարօտով տառապող հայորդի մը։ Հետզհետէ առողջութիւնը քայքայուելով ան կը տկարանայ եւ ի վերջոյ յաւիտենապէս աչքերը կը փակէ 1923 Մարտ 23ին, Ժընեւի մէջ, իբրեւ վերջին բաղձանք ունենալով թաղուիլ իր սիրելի Հայաստանի հողին վրայ, որուն համար ան նուիրած էր իր ամբողջ կեանքը։

«Վազրիկ» Յունիս 2016

ARF BADANI բջիջային ծրագիր

appposter