Ho Hi Ta 20 Amyag - Հ. Յ. Դ. ՔՍԱՆԱՄԵԱԿԻՆ

Lyric:

Հ. Յ. Դ. ՔՍԱՆԱՄԵԱԿԻՆ
(«Ազատութեան սիրոյն»ի եղանակով)

Ս. Գ. Սարաֆեան

Դաշնակցութեան քաջ զինուորներ
Բերդան, մոսին են գրկեր,
Ազատութեան սիրոյն համար
Արիւն թափել են ուխտեր:

Դաշնակցութեան վեհ ծրագիր
Իր մէջ ունի անխտիր,
Ազատութիւն, արդարութիւն
Պէտք է լինի ամէնուն:

Դաշնակցութիւնը անսասան
Հնչեց փող ազատութեան,
Ազատութիւն, արդարութիւն
Առանց ցեղի խտրութեան:

Ազատութեան ջահը վառեց
Մեր հայրենիքի գլխին,
Եղբայրութեան լոյսը ծագեց
Հարեւաններու սրտին:

«Վազրիկ» Յունիս 2016

ARF BADANI բջիջային ծրագիր

appposter