Zeytountsinerou Yerk - ԶԷՅԹՈՒՆՑԻՆԵՐ

Lyric:

ԶԷՅԹՈՒՆՑԻՆԵՐ

Խօսք՝ Յ. Չագըրեան

Արեւն ելաւ, զէյթունցիներ,
Դէհ, ձի հեծնենք, առնենք զէնքեր, դիմենք յառաջ,
Ինչո՞ւ, ինչո՞ւ գլուխ ծռենք
Բռնաւորին մեր վիզ պարզած:

Զէյթունցի ենք, մեր սփոփանք
Է պատերազմ եւ արշաւանք,
Գնդակ, վառօդ, սուր, հրացան,
Խաղալիք են մեր յաւիտեան:

Քանի թմրինք, բաւ է եղբա՛րք,
Շրջենք աչերս աջ ու ահեակ,
Շատ ստրուկներ եղան ազատ,
Միայն մենք ենք հլու հպատակ:

Ամբողջ հինգ դար գերի ենք մենք,
Մենք մեր շղթայք պատրաստեր ենք,
Ինչո՞ւ այժմ մենք չըստիպենք,
Մեզ գերողին կրելու զայն:

Արիւն ծարաւ զէյթունցիներ,
Զէնքեր ունինք, դիմենք յառաջ,
Հերիք մինչ այժմ գլուխ ծռած,
Բռնաւորին գերի ըլլանք:

Զէյթունցի ենք մենք քաջազունք,
Բռնաւորէն վրէժ առնենք,
Մեր մայրերու սուրբ կաթի տեղ
Կաթիլ-կաթիլ արիւն քամենք...

Կեցցէ՛ Զէյթուն, ապրի՛ Զէյթուն,
Թող չըտեսնէ ստրկութիւն,
Քանի ունի մեզ պէս որդիք,
Կեցցէ՛ Զէյթուն, ապրի՛ Զէյթուն:

«Վազրիկ» Յունիս 2016

ARF BADANI բջիջային ծրագիր

appposter